Կադաստրի պետական կոմիտէի նախկին նախագահ Մանուկ Վարդանեանը կը մեղադրուի պետական սեփականութիւն հանդիսացող պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններն անհատոյց սեփականութեան իրաւունքով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ յանձնելու համար:
Այս մասին գրած է «Հետք»ը։
Ըստ մեղադրանքի՝ Մանուկ Վարդանեանը կոմիտէի աշխատակազմի իրաւաբանական եւ օրէնսդրութեան մշակման բաժնի 1-ին կարգի մասնագէտի հետ դիտաւորութեամբ չեն կատարած իրենց ծառայողական պարտականութիւնը, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանք: Մ. Վարդանեանի նկատմամբ կիրառուած է «գրաւ» խափանման միջոցը։
Աւելին՝ սկզբնաղբիւր կայքէն։