image

Հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանի մէջ. Պետական ճիշդ կառավարումը եւ արդար յարաբերութիւններ

Հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանի մէջ. Պետական ճիշդ կառավարումը եւ արդար յարաբերութիւններ

Հանքարդիւնաբերութեան մասին «Արեւելք»ի կողմէ եղած հրապարակումներուն մէջ քանիցս անդրադարձած ենք այդ ոլորտին մէջ արդիական լուծումներ եւ հիմունքներ բերելու կենսականութեան։ 

Գիւտ մը չէ մեր կատարածը, մանաւանդ որ նոյն ոլորտի հիմնական կազմակերպութիւն եւ մէկ խօսքով «Լոքոմիթիւ» եղող «Զանգեզուրի Պղինձամոլիբթենային Կոմպինաթ»ը (Հակիրճ՝ ԶՊՄԿ) այսօր կը համարուի ոչ միայն այդ ոլորտի առաջատարը, այլ նաեւ կը շարունակէ արդիական լուծումներ ապահովել եւ նորաձեւ մօտեցումներով խթանել նոյն ոլորտը։

Արդիականութեան հետ մէկտեղ նաեւ շատ կարեւոր է շեշտադրել, որ մէկ կողմէ ոլորտի առաջատարներուն եւ միւս կողմէ պետական կառոյցներուն միջեւ առկայ կապը պէտք է հիմնուած ըլլայ նոր մեթոտներ առաջ քաշելու ու նաեւ ոլորտի տարբեր բաղկացուցիչներու միջեւ առողջ, հաւասար եւ արդար պայմաններու կերտման վրայ, բան մը, որ այսօր կը կատարէ հայրենի պետութիւնը, իր ամբողջական ներուժը բերելով ոլորտը աւելիով կենսագործելու եւ երկարատեւ ծրագիրներ մշակելու համար։ 

Այս առումով ալ օրերս կարեւոր դիտարկումներ կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու նախարարի (ՏԿԵ) տեղակալ՝ Յովհաննէս Յարութիւնեան, որ մասնաւորապէս անդրադարձած է հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին առընթեր ՀՀ կառավարութեան մշակած ծրագիր- գործելաոճին ու նաեւ Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ այդքան կենսական հանքագործ- մետաղագործ յարաբերութիւններուն։

Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով «Արեւելք» կը ներկայացնէ Յարութիւնեանի հետ կատարուած հարցազրոյցի հիմնական մասերը։

Յարութիւնեան կը նշէ ՝ 

«Մինչեւ 2023 թուական հանքագործութիւնը յստակ ուղեգիծ չունէր: Մայիս 2023-ին կառավարութիւնը հաստատեց հանգագործութեան ոլորտի զարգացման ուղեգիծ եւ անկէ բխած աշխատանքներու ծրագիր՝ շրջակայ միջավայրին վրայ ունեցած ազդեցութեան վտանգներու կանխարգիլում, բանուորներու ընկերային հարցերու լուծում, առողջութեան պահպանում, արդիական արհեստագիտական մեթոտներու կիրառում, եւ այդ բոլորը կը միտէին բարելաւել Հայաստանի հանքագործութեան ոլորտը: Այս մէկը աշխատանքի յստակ եւ կարեւոր ծրագիր մըն է, որ կը սահմանէ կառավարութեան եւ անոր բաժանմունքներուն գործելակերպը մինչեւ 2035 թուական, եւ կը նշանակէ՝ նոր չափանիշներ (փորձատիպեր) ներարկել ու բարելաւել հանքագործութեան ոլորտը: 

Հանքագործութիւնը շրջանային ասպարէզ է եւ այս պահուն ամբողջ աշխարհը հետաքրքրուած է ինչպէս պղինձով, նոյնքան ալ տարբեր հանքանիւթերով ինչպէս օրինակ՝ լիթոնով եւ մագնէսով որ կարելի է օգտագործել կուտակիչներու եւ ելեկտրական կառքերու մէջ: Այս հանքանիւթերուն նկատմամբ ներկայիս մեծ հետաքրքրութիւն կայ: 

Պղինձի եւ արճիճաքարի (Մոլիբթէն) գիները կը բարձրանան, անոր զուգահեռ կ’աւելնայ նաեւ պահանջը այս մետաղներուն նկատմամբ եւ այս բոլորին զուգահեռ նոր հանքավայրերու յայտնաբերման ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին: Բայց համաշխարհային շուկայի գիներու աճին զուգահեռ հետեւեալ հարցը կը յառաջանայ, հասկնալ՝ արդեօք պետութեան ստացած գումարները արդա՞ր կը բաժնուին պետութեան եւ հանքը օգտագործող գործարկուին միջեւ, արդեօք սատարող ընկերութիւնները արդարացի՞ գումարներ կը ստանան»։

Հանքը օգտագործողներուն համար հաւասար կանոններ սահմանուած են: 

«Նախագիծի քննարկումներուն ընթացքին հանքագործներու կողմէ լսած եմ միայն դրական արձագանք: Առեւտուրն ալ նոր չափորոշիչներու ներդրումէն ետք նոր կենսագործում ստացած է: Ուղեգիծը կանխատեսելիութիւն կ’ապահովէ եւ այս ամենակարեւորն է։ Հանգագործութեան ոլորտը երկարաժամկէտ առեւտուր է, պէտք է շուկան ապահով զգայ: Երբ կանխատեսելիութիւնը յստակ է, ապա տնտեսավարողը գիտէ` ինչպէս պէտք է աշխատի, ամէն ամիս օրէնքները փոփոխութեան չեն ենթարկուիր։ Բացի այդ, մետաղի հանքեր օգտագործողները շատ լաւ գիտեն, որ իրենց համար նոյնպէս կարեւոր է չափանիշներու պահպանումը, որովհետեւ ֆինանսական կամզակերպութիւնները, որոնց հետ կ’աշխատին ներդրումներ ներգրաւելու, խտանիւթը վաճառելէն շատ աւելի կարեւոր է: 

Հանքագործ եւ մետաղագործ սկիզբ մը կը սահմանեն որուն, մեծ մասը արդէն տեղեակ կ’ըլլայ նոր չափանիշներէն»։

 

 Յ.Յարութիւնեանի հետ հարցազրոյցը՝ «Հանքագործ/ մետալուրգ» ամսագրէն»