image

«Հայաստանի տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր է Իրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու կարգաւորումը».Լիլիթ Դալլաքեան

  «Հայաստանի տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր է Իրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու կարգաւորումը».Լիլիթ  Դալլաքեան

Հայրենի վերլուծաբան՝  Լիլիթ Դալլաքեան  կը գրէ՝ 

«Հայաստանի տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր է Իրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Կը մնայ Իրանի կաշառուած, ապականած հոգեւոր վերնախաւը այս գիտակցի, ինչ որ աշխարհիկ իշխանութիւնը շատոնց հասկցած է։ Կիրակի օր նախատեսուած ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները դեռ չեն ջնջուած, սպասենք զարգացումներուն»։

«Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու  գիտակցելով, որ  անկարող   է աւարտել պատերազմը  «Համաս»ի  դէմ, կը փորձէ սրել իրավիճակը եւ ԱՄՆ-ը ներքաշել  այս  պայքարին մէջ, հաշուի առնելով նաեւ, որ  Իրան կրնայ  իր «պատասխան-հարուած»ով թիրախ դարձնել  Մերձ. Արեւելքի մէջ  գտնուող  Ամերիկեան ռազմախարիսխները։ Թրամփի Քաթար այցելութենէն ետք Իսրայելի մէջ յստակացաւ, որ առեւտրական ծրագիրները աւելի կարեւոր կրնան ըլլալ Թրամփի համար, ատկէ զատ, ԱՄՆ որեւէ վարչակազմի ձեռնտու չէ, Իրանի չափազանց տկարացումը տարածաշրջանին մէջ  ու նաեւ  Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի այլեւս «անհրաժեշտ չլլալը»։ Միւս կողմէ, Իրանի հոգեւոր վերնախաւը, ի հարկէ Ռուսիոյ խորհուրդով, չի շտապեր ԱՄՆ-ի հետ  հասնիլ համաձայնութեան։ Թրամփ յայտարարեց, որ խօսած է Նեթանեահուի հետ եւ ըսած է, որ չի փափաքիր հարուածել Իրանը, որովհետեւ  Իրանի հետ համաձայնութիւն մը  իրականացնելու  առիթներ կը տեսնէ։Միւս կողմէ, ԱՄՆ վարչակազմը չի խոչընդոտեր որոշ հարուածներ, որոնք  խորհելու եւ  բանակցելու  նոր  առիթ կու տան Թեհրանին։ Նեթանիահուն այլ տարբերակ չունի. ան պէտք է սրէ իրավիճակը` իշխանութեան  վրայ  մնալու եւ պատերազմը շարունակելու համար։ Իրանի վերնախաւն ալ պիտի գիտակցի, որ ԱՄՆ-ի  Իսրայէլին աջակցելու պարագային Թեհրան ճակատագրական խնդիրներ կ'ունենայ` յատկապէս հոգեւոր վերնախաւին հետ։ Ռուսիա իրենց օգնական չէ եւ նոյնիսկ շահախնդիր է, որ Թեհրան մնայ 3+3 ռուս-թրքական ճնշումին տակ։ Հայաստանի տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր է Իրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Կը մնայ Իրանի կաշառուած, ապականած հոգեւոր վերնախաւը այս գիտակցի, ինչ որ աշխարհիկ իշխանութիւնը շատոնց հասկցած է։ Կիրակի օր նախատեսուած ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները դեռ չեն ջնջուած, սպասենք զարգացումներուն»։