image
Հրատապ լուրեր:

Հանդիսապետութեամբ Գերշ. Տ. Խաժակ արք.ի նշուած է Քառասնից Մանկանց տօնը

Հանդիսապետութեամբ Գերշ. Տ. Խաժակ արք.ի նշուած է Քառասնից Մանկանց տօնը

Օրերս Միլան քաղաքի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ։ Արարողութեանց նախագահեց եւ իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ համացանցէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղադրուած լրատւութիւնը՝

30 Մարտին Միլանի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տօնական պատարագը նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Սրբազան Հայրը, շնորհաւորելով Միլանի հայ համայնքը եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, իր քարոզին մէջ նշեց. «Ցեղասպանութենէն ետք թշնամին չկրցաւ կործանել մեր ժողովուրդը, որովհետեւ փրկուած սերունդը եկեղեցաշէն եղաւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. հաւատքով մարեց չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը»։

Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ համայնքէն ներս աւանդական դարձած պահքային կերակուրներու ճաշկերոյթին։