image

Սաօ Փաուլոյի մէջ. Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Ներկայ եղաւ ՀՕՄ-ի Միջինքի ձեռնարկին (Լուսանկարներ)

Սաօ Փաուլոյի մէջ.  Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս.  Ներկայ եղաւ ՀՕՄ-ի Միջինքի  ձեռնարկին (Լուսանկարներ)

Օրերս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան  ներկայ գտնուեցաւ Ս. Պահքի միջինքին առիթով ՀՕՄ-ի Պրազիլիոյ մասնաճիւղին կազմակերպած ձեռնարկին: Հաւաքը առիթ մըն էր հաղորդակցութեան թեմի առաջնորդին ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպանատան հիւպատոսին եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: 

«Արեւելք» ասոր մասին վերահասու դարձաւ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդարանին դիմատետրեան պաշտօնական էջէն:

Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք հաղորդագրութիւնը:

  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան,  ընկերակցութեամբ  Արժ. Տ. Եզնիկ քհնյ.  Կիւզելեանի եւ Արամայիս սարկավագ Սողպաթեանի, ներկայ գտնուեցաւ ՀՕՄ-ի կազմակերպած միջինքի ձեռնարկին ծերանոցէն ներս: 

Հաւաքի ջերմ մթնոլորտին մէջ Սրբազանը արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ շեշտեց համայնքին կարեւորութիւնը եւ մեծ պահքի ընկալումը իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատի  կեանքին մէջ: 

Հաւաքին ներկայ էին Հայաստանի  հիւպատոս Տիկին Տիրուհի Պուրմայեան ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ։ Ատենապետուհին ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ իր բարեմաղթանքները յայտնեց շարունակելու նմանօրինակ յաջող ձեռնարկներ գաղութէն ներս։ Ներկաները ճաշակեցին եւ Հ.ՕՄ.ի անդամներուն պատրաստած պահքի համեղ ուտելիքները: