Օրերս, Իրաքի Առաջնորդարանին առընթեր գործող Պաղտատի ազգային վարժարանի եւ մանկապարտէզի մէջ նշուած է «Մայրերու տօն»-ը, հովանաւորութեամբ՝ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ՝ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքահայոց թեմի առաջնորդարանի տեղեկատուական գրասենեակէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը ամբողջութեամբ։
Հինգշաբթի, 20 Մարտ, 2025-ի առաւօտուն, Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը հովանաւորեց Պաղտատի Ազգային Վարժարանի եւ Մանկապարտէզի “Մայրերու Տօն”ին առիթով կազմակերպուած հանդէսը:
Այս առիթով վարժարանի սիրասուն փոքրիկները հանդէս եկան երգերով եւ արտասանութիւններով, արտայայտելով իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը մօր նկատմամբ։
Հանդիսութեան ներկայ եղաւ Արժ․Տ․ Արտակ Քհնյ. Միրզոեանը, Ազգային նախակրթարանի տնօրէն` դոկտոր Սապահ Իլիիյաը եւ ուսուցչական կազմը։