image

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարներու հանդիպումը պիտի կայանայ 12 ապրիլին

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարներու հանդիպումը պիտի կայանայ 12 ապրիլին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամուլի քարտուղար Անի Բադալեանը հաստատած է, որ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի շրջածիրէն ներս պիտի հանդիպին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։

Աւելի վաղ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը յայտարարած էր, որ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի շրջածիրէն ներս նախատեսուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղարն «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին յայտնած է, որ Արարատ Միրզոյեանի եւ Հաքան Ֆիտանի հանդիպումը պիտի կայանայ ապրիլ 12-ին։