image

Աթէնքի մէջ. Պաշտօնական ճաշկերոյթ ի պատիւ նորաօծ Սրբազանին

Աթէնքի մէջ. Պաշտօնական ճաշկերոյթ ի պատիւ նորաօծ Սրբազանին

Օրերս, Աթէնքի Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է ընդունելութիւն ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ Սրբազան Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեանի Եպիսկոպոսական օծման, եւ որուն ներկայ գտնուած են կրօնական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ:

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Յունաստանի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած տեղեկատւութիւնը՝ 

Կիրակի, 30 Մարտ 2025, կազմակերպութեամբ Ազգային Վարչութեան, Աթէնքի “Royal Olympics Garden”-ին մէջ, ի պատիւ Առաջնորդ հօր Եպիսկոպոսական օծման, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ: Հանդիսութեան ներկայ էին կրօնական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ, ազգայիններ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալներ: Բացման խօսքը կատարեց Ազգային Վարչութեան ատենադպիր՝ պրն. Նազար Աւագեանը:

Շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ պրն. Տիգրան Մկրտչեան, Հայ Աւետարանական համայնքապետ՝ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Իեոնիմոսի ներկայացուցիչ՝ Իգնատիոս Եպիսկոպոսը:

Աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը երախտիքի իր խօսքը ուղղեց, եւ շեշտեց Յունաստանի հայ համայնքի պատմական իրականութիւնը, հոգեւոր եւ ազգային կեանքի վերազարթօնքի կարեւորութիւնը, որպէս մէկ ամբողջութիւն: Ան ընդգծեց յատկապէս միասնական ըլլալու հրամայականը, եւ վերջապէս կոչ ուղղեց հաւաքական աշխատանքի, որպէսզի նոր սերունդը դառնայ մեր ներկան, ունենալու, համար ամուր ապագայ: