Գահիրէի մէջ, օրերս նշուած է «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան հիմնադրութեան 80-ամեակը, այդ առթիւ տեղի ունեցած է ձեռնարկ մը եւ վերանորոգուած «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին բացումը՝ հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի, կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան, 24 Յունուարին Հելիոպոլսոյ «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցան «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան հիմնադրութեան 80ամեակին նուիրուած ձեռնարկը եւ վերանորոգուած «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին բացումը:
Ընկերակցութեան ատենապետ Շանթ Կապէեան անդրադարձաւ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան 80ամեայ վաստակին` նշելով, որ տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր վարչականի անմնացորդ ճիգին առարկան դարձած է հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին հոգիին մէջ սերմանել հայկական բարքերու եւ արժէքներու հանդէպ գուրգուրանքը` դիմակայելու համար ժամանակի եւ հայու ճակատագիրին զանազան փուլերու դժուարութիւնները: Ան անդրադարձաւ նաեւ «Յուսաբեր» տան եւ անոր մշակութային կեանքին`շեշտելով հայապահպանման ծրագիրին կարեւորութիւնը: Ապա ան խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը ընկերակցութեան հիմնադիր անդամներուն, նաեւ` իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր հայորդիներուն: Իր խօսքի աւարտին Կապէեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանին` մնայուն կերպով ցուցաբերած աջակցութեան համար:
ՀՅԴ Եգիպտոսի շրջանի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ 80 տարիներ առաջ, նուիրեալ անհատներ ընդունեցին դժուար պայմաններու մէջ մշակութային ինքնութիւնը դաստիարակելու եւ աւանդոյթները պահպանելու հրամայականը ու հիմնեցին այս միութիւնը ոչ միայն իբրեւ հաւաքատեղի, այլ` իբրեւ գեղարուեստական արտայայտութիւն, մշակութային, կրթութիւն եւ հայապահպանման սրբավայր: Տոքթ. Մազլումեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր նուիրեալ աշխատողներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են հայկական եւ ազգային շունչով սերունդներ դաստիարակելու` յորդորելով, որ միասնաբար յարգենք անցեալը, գրկենք ներկան եւ ակնկալենք նորարարութեամբ եւ մշակութային հարստութեամբ ապագայ:
Թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան շնորհաւորեց «Յուսաբեր»ի մեծ ընտանիքը ընկերակցութեան հիմնադրութեան 80ամեակին եւ «Գարագաշեան» սրահին` վերանորոգութենէն ետք բացումին զոյգ առիթներով: Ան շեշտեց եգիպտահայ ազգային կառոյցներու եւ հաստատութիւններու կարեւորութիւնը, որոնք կը ջամբեն ազգային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւն եւ հայրենասիրական ոգի: Ան ըսաւ, որ ազգային մեր կառոյցները փոքրիկ հայրենիքներ են մեզի համար, ուր ո՛չ միայն կը միատեղուինք եւ կը հանդիպինք իրարու, այլեւ կը պահենք ազգային մեր մշակոյթը, նաեւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ կեանքի կը կոչենք հայրենիքին հանդէպ գաղափարական մեր մօտեցումները:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: