image

Համազգային հանրահաւաք՝ Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ

Համազգային հանրահաւաք՝ Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը այսօր՝ 22 դեկտեմբերը յայտարարած է համահայաստանեան գործադուլի եւ դասադուլի օր։ Քաղաքի տարբեր վայրերէն՝ տարբեր խումբեր երթերով կը շարժին դէպի Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի պիտի ունենայ անհնազանդութեան հիմնական արշաւը եւ վարչապետի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները կը շրջափակեն Կառավարութեան շէնքը։

Առաւօտէն ոստիկանական մեծ ուժեր կուտակուած են Կառավարութեան շէնք մօտակայքը:

«Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ Արսէն Պապայեանը լրագրողներու հետ զրոյցոի ժամանակ ըսած է, որ միայն Կառավարութեան շէնքի ետեւը կայ մօտ 600 ոստիկան։

Առանձին ցոյցով Փաստաբաններու պալատէն դէպի Ազգային ժողով, այնտեղէն ալ Դատախազութիւն երթով գացած են փաստաբանները։ Անոնք, յիշեցնենք, կը պահանջեն որ Նիկոլ Փաշինեանը կանչուի հարցաքննութեան եւ կալանաւորուի։ Պահանջը չկատարելու պարագային անոնք մտադիր են նստացոյց յայտարարել։

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին միացած են գիտական, մարզական, մշակութային համայնքներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, Երեւանի պետական համալսարանը։ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը կը պահանջեն նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Գարեգին Երկրորդ եւ Արամ Առաջին կաթողիկոսները, սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններ, մօտ 150 համայնքներու ղեկավարներ։