ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տեսանիւթ հրապարակած է դիմատետրի իր էջին, որուն կից կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Հայաստանի Հանրապետութեան աղօթքի առաջին նախաճաշը կայացաւ»:
Նշենք, որ վարչապետ Փաշինեանը մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Աղօթքի նախաճաշ միջոցառման շրջածիրէն ներս կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին, որուն ներկայ եղած են Հայաստանէն եւ արտերկրէն աւելի քան 300 բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, պետական այրեր, դիւանագիտական, գործարար եւ հոգեւոր ոլորտներու ներկայացուցիչներ։