Համաշխարհային ովկիանոսի մակերեւոյթի միջին ջերմաստիճանը 2023 թուականի ընթացքին անսովոր բարձր մնացած է՝ գերազանցելով մրցանիշերը ապրիլէն դեկտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին, յայտնած է Copernicus հսկողութեան եւրոպական ծառայութիւնը:
Հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։
«Կարեւոր գործօն, որ պայմանաւորեց օդի անսովոր ջերմաստիճանը 2023 թուականի ընթացքին, ովկիանոսի մակերեւոյթի աննախադէպ բարձր ջերմաստիճանն էր։
Ծովի մակերեւոյթի ընդհանուր միջին ջերմաստիճանը ապրիլէն դեկտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին մէջ ամենաբարձրը եղած է տարուան այս եղանակի համար»,-ըսուած է ծառայութեան կայքին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային օդերեւութաբանական կազմակերպութեան (WMO) համաշխարհային ջերմաստիճանը կրնայ հասնել մրցանշային առաւելագոյնի յառաջիկայ հինգ տարուան մէջ:
Այս երեւոյթը պիտի ազդէ ոչ միայն մոլորակի միջին ջերմաստիճանի, այլեւ տեղումներու օրինաչափութեան վրայ։