image
Հրատապ լուրեր:

Սիտնի. 85-ամեայ մեր հայրենակից Քրիս Պաղսարեան դաժանաբար սպանուած

Սիտնի. 85-ամեայ մեր հայրենակից Քրիս Պաղսարեան դաժանաբար սպանուած

Կը նշուի նաեւ, որ գաղութային մարմիններ կարեւոր ճիգեր ի գործ պիտի դնեն եւ հետեւին անվտանգային ու դատաիրաւական մարմիններու գործունէութեանը, բացայայտելու համար այս զազրելի ոճիրին ծալքերը եւ խստագոյնս պատժելու ոճրագործները։

Օրերս Աւստրալիոյ «Նորթ Ռայտ» արուարձանին մէջ դաժանաբար սպանուած է Քրիս Պաղսարեան անունով մեր հայրենակիցը։

«Արեւելք»ի ունեցած տուեալներով Պաղսարեան առենգուած էր իր բնակարանէն (ուր կ՚ապրէր առանձինն) եւ  տարուած էր անյայտ ուղղութեամբ։

Օրերս Սիտնիի ոստիկանութիւնը  յայտնաբերած է Պաղսարեանի դին, որուն վրայ եղած են բռնութեան հետքեր։ 

Կը նշուի նաեւ, որ Պաղսարեանը առեւանգողները եղած են յայտնի յանցախումբի անդամներ, որոնք շփոթի մէջ իյնալով առեւանգած Քրիսը, չարչարանքի ենթարկած զինք ու ապա սպաննած։

Ստորեւ այդ մասին «Արեւելք»ի Սիտնէյի աղբիւրին գրաւոր հաղորդագրութիւնը 

Փետրուարի 13-ի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Քրիս Պաղսարեան առեւանգուեցաւ իր սեփական բնակարանէն՝ անյայտ ու ծպտուած ոճրագործներու ձեռամբ։ Դաժանաբար չարչարուելէ ետք ան սպաննուեցաւ՝ դառնալով զոհ անօրէն ու առեղծուածային պայմաններու, որոնց հետ ան որեւէ առնչութիւն չունէր։

Այս սահմռկեցուցիչ դէպքը խորապէս ցնցեց Աւստրալիան եւ յատկապէս Սիտնիաբնակ հայութիւնը, որուն արժանաւոր զաւակը եղած էր Պաղսարեանը։ 

85 -ամեայ տարեց եւ վատառողջ մարդու նկատմամբ գործադրուած այսպիսի ահաւոր բռնութիւնը ոչ միայն մարդկային արժէքներու կոպիտ ոտնահարում է, այլ նաեւ հարուած՝ ամբողջ հասարակութեան խղճին։

Քրիս Պաղսարեան իր կեանքի տարիներուն եղած է խաղաղասէր, աշխատասէր եւ ընտանիքին նուիրուած անձնաւորութիւն։ Անոր կորուստը անդառնալի վիշտ մըն է ընտանիքին, հարազատներուն եւ զինք ճանչցող բոլոր բարեկամներուն եւ շրջանակին համար։

 Կը նշուի նաեւ, որ գաղութային մարմիններ կարեւոր ճիգեր ի գործ պիտի դնեն եւ հետեւին  անվտանգային ու դատաիրաւական մարմիններու գործունէութեանը, բացայայտելու համար այս զազրելի ոճիրին ծալքերը եւ խստագոյնս պատժելու ոճրագործները։