Փութին սկսած է Երրորդ համաշխարհային պատերազմը եւ պէտք է այն դադրեցուի՝ հակամարտութեան չորրորդ տարելիցին ընդառաջ, ըսած է Զելենսկին BBC-ին տուած հարցազրոյցին:
Ուքրանիոյ առաջնորդը պնդած է, որ Փութինի ներխուժումը սկիզբ դրած է աւելի լայնածաւալ հակամարտութեան, որ կ՚ազդէ համաշխարհային կարգի վրայ, եւ կոչ ըրած է Ռուսիոյ նկատմամբ կիրառելու ռազմական եւ տնտեսական ճնշում։
«Ես կը հաւատամ, որ Փութինն արդէն սկսած է այն (Երրորդ համաշխարհային պատերազմ- Խմբ.)»,-ըսած է ան BBC-ին։
Լրագրողը հարցուցած է, թէ արդեօք հրադադարի համաձայնագիր կնքելու համար Զելենսքին ողջամիտ կը համարէ Ուքրանիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող 20%-ը (շարք մը բնակավայրեր, որոնք ուքրանացիները կ՚անուանեն «ամրոց-քաղաքներ»), ինչպէս նաեւ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի մարզերու այլ մասեր յանձնելու պահանջները։
«Ես պարզապէս այդ հարցին այլ կերպ կը մօտենամ։ Ես այդ չեմ դիտարկեր որպէս պարզապէս հող, տարածք։ Ես այդ կը համարեմ նահանջ, այսինքն՝ թուլացնել մեր դիրքերը, լքել այնտեղ գտնուող մեր հարիւր հազարաւոր մարդիկը, այդ նահանջով բաժնել մեր հասարակութիւնը»,- պատասխանած է Զելենսքին։
«Հարցն այն է, թէ որքան տարածք ան պիտի կարենայ զաւթել եւ ինչպէս կարելի է կանգնեցնել անոր: Ռուսիան կ՚ուզէ աշխարհին պարտադրել կեանքի այլ կերպ եւ փոխել այն կեանքը, որ մարդիկ ընտրած են իրենց համար»,- յայտնած է Զելենսքին: