image

«Հալէպի հայերը հմուտ արհեստաւորներ են». Ռուսաստանցի լրագրող

«Հալէպի հայերը հմուտ արհեստաւորներ են». Ռուսաստանցի լրագրող

Ռուս մարզիկ եւ հասարակական գործիչ Սերկէյ Պատիուքը, որ կ'աշխատի որպէս Սուրիոյ մէջ Anna News հրատարակչութեան ռազմական թղթակից, ԳԱԼԱ-ին տուած հարցազրոյցին մէջ պատմած է սուրիացի հայերու հետ իր ծանօթութեան մասին՝ նշելով, որ փաստացիօրէն Հալէպի զէնքի գործարաններու բոլոր վարպետները հայեր են:

««Իսլամական պետութեան» գրոհայիններու դէմ մարտ կը մղուէր Խանասէրի մօտակայքը եւ մենք այնտեղ մեկնեցանք: Մարտերու  աւարտէն ետք սկսանք շփուիլ մարտիկներուն հետ: Զենիթային ЗУ-23 համակարգի գործարկուին մօտ խաչ կար, ինչը զարմացուց ինձ: Ես հարցուցի անոր անունը եւ ան, եթէ չեմ սխալիր, ըսաւ՝ Ռաֆայէլ: Ես ծիծաղեցայ եւ հարցուցի՝ դուն հա՞յ ես: Ան պատասխանեց՝ այո, եւ պատմեց, որ երկու տարի է արդէն կը կռուի ստորաբաժանման կազմին մէջ»,- պատմած է Սերկէյ Պատիուքը:

Անոր խօսքերով՝ հմտութիւններ ունեցող բոլոր մասնագէտները, ինչպէս, օրինակ, հակաթանկային հրթիռներու կամ զենիթային համալիրներու ուղղորդիչ-գործարկողները, որպէս կանոն, հայեր են:

«Հալէպի հայերը   շատ հմուտ զինագործներ են: Ես ֆիլմ նկարահանած եմ  Հալէպի գործարաններու մասին, ուր անոնք զէնք կը պատրաստէին աշխարհազօրայիններու համար: Մենք գացինք այդ գործարաններէն մէկը, եւ պարզուեցաւ, որ աւագ վարպետը հայ էր: Այնույետեւ  պարզուեցաւ, որ փաստացիօրէն այդ գործարաններու բոլոր վարպետները հայեր էին: Բացի այդ, Հալէպի արդիւնաբերական շրջանի վարպետներու 60-70%-ը հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներ են»,- պատմած է ռազմական թղթակիցը:

Սերկէյ Պատիուք ընդգծած է նաեւ, որ Հալէպի հայկական շրջանը ամենամաքուր, յարդարուած եւ «թանկ» շրջանն է:

«Կը մտնես եւ անմիջապէս կը հասկնաս, թէ որ շրջանին մէջ կը գտնուիս: Այդ մէկը աչքի կը զարնէ: Հալէպի ամենայայտնի ճաշարանը հայկական է: Ե՛ւ իսլամները, ե՛ւ քրիստոնեաները ծննդեան օրերը կամ հարսանիքները կը տօնեն հայկական ճաշարանի մէջ: Այն որակի նշան է: Այնտեղ կայ տղամարդոց անձնակազմ, եւ անոնք շատ լաւ անգլերէն կը խօսին, ինչը շատ հազուադէպ հանդիպող երեւոյթ է: Հալէպի բոլոր արհեստաւորները հիմնական հայեր են»,- շարունակած է Պատիուկը:

Ան պատմած է նաեւ մէկ միջադէպի մասին, որ խիստ զարմացուցած է անոր:

«Զիս զարմացուց մէկ իրավիճակ: Դեռ ծանր մարտեր կ'ընթանային, մենք նստած էինք հայկական ճաշարան մը: Այնտեղէն 15 մեթր հեռաւորութեան վրայ կամուրջ մը կայ: Անոր վրայէն «Կրատ» կայանը կ'անցնէր, որ շրջուեցաւ, եւ հրթիռներ սկսան թռիլ: Իսկ հարեւանութեամբ կանգնած էին մարդիկ, պաղպաղակ կ'ուտէին եւ ծափ կու տային: Ըսել, որ ես ապշած էի, կը նշանակէ՝ ոչինչ ըսել»,- պատմած է թղթակիցը:

Անոր խօսքերով, սուրիացի քրիստոնեաները, այդ շարքին եւ հայերը, հսկայական կորուստներ կրած են:

«Այն քրիստոնէական շրջաններուն մէջ, ուր «Իսլամական Պետութիւն»ը եղած է, ցեղասպանութիւն գործուած է, բոլորը սուրէ անցած են»,- նշած է Պատիուկը:

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով՝ մինչ քաղաքացիական պատերազմը Սուրիոյ մէջ կը բնակէր շուրջ 100 հազար հայ: Անոնց մեծամասնութիւնը լքած է Սուրիան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի խօսքերով՝ Հայաստան տեղափոխուած է 17 հազար սուրիոյ քաղաքացի հայ:

 

Նիւթը՝ ԳԱԼԱ-էն