Ռուս մարզիկ եւ հասարակական գործիչ Սերկէյ Պատիուքը, որ կ'աշխատի որպէս Սուրիոյ մէջ Anna News հրատարակչութեան ռազմական թղթակից, ԳԱԼԱ-ին տուած հարցազրոյցին մէջ պատմած է սուրիացի հայերու հետ իր ծանօթութեան մասին՝ նշելով, որ փաստացիօրէն Հալէպի զէնքի գործարաններու բոլոր վարպետները հայեր են:
««Իսլամական պետութեան» գրոհայիններու դէմ մարտ կը մղուէր Խանասէրի մօտակայքը եւ մենք այնտեղ մեկնեցանք: Մարտերու աւարտէն ետք սկսանք շփուիլ մարտիկներուն հետ: Զենիթային ЗУ-23 համակարգի գործարկուին մօտ խաչ կար, ինչը զարմացուց ինձ: Ես հարցուցի անոր անունը եւ ան, եթէ չեմ սխալիր, ըսաւ՝ Ռաֆայէլ: Ես ծիծաղեցայ եւ հարցուցի՝ դուն հա՞յ ես: Ան պատասխանեց՝ այո, եւ պատմեց, որ երկու տարի է արդէն կը կռուի ստորաբաժանման կազմին մէջ»,- պատմած է Սերկէյ Պատիուքը:
Անոր խօսքերով՝ հմտութիւններ ունեցող բոլոր մասնագէտները, ինչպէս, օրինակ, հակաթանկային հրթիռներու կամ զենիթային համալիրներու ուղղորդիչ-գործարկողները, որպէս կանոն, հայեր են:
«Հալէպի հայերը շատ հմուտ զինագործներ են: Ես ֆիլմ նկարահանած եմ Հալէպի գործարաններու մասին, ուր անոնք զէնք կը պատրաստէին աշխարհազօրայիններու համար: Մենք գացինք այդ գործարաններէն մէկը, եւ պարզուեցաւ, որ աւագ վարպետը հայ էր: Այնույետեւ պարզուեցաւ, որ փաստացիօրէն այդ գործարաններու բոլոր վարպետները հայեր էին: Բացի այդ, Հալէպի արդիւնաբերական շրջանի վարպետներու 60-70%-ը հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներ են»,- պատմած է ռազմական թղթակիցը:
Սերկէյ Պատիուք ընդգծած է նաեւ, որ Հալէպի հայկական շրջանը ամենամաքուր, յարդարուած եւ «թանկ» շրջանն է:
«Կը մտնես եւ անմիջապէս կը հասկնաս, թէ որ շրջանին մէջ կը գտնուիս: Այդ մէկը աչքի կը զարնէ: Հալէպի ամենայայտնի ճաշարանը հայկական է: Ե՛ւ իսլամները, ե՛ւ քրիստոնեաները ծննդեան օրերը կամ հարսանիքները կը տօնեն հայկական ճաշարանի մէջ: Այն որակի նշան է: Այնտեղ կայ տղամարդոց անձնակազմ, եւ անոնք շատ լաւ անգլերէն կը խօսին, ինչը շատ հազուադէպ հանդիպող երեւոյթ է: Հալէպի բոլոր արհեստաւորները հիմնական հայեր են»,- շարունակած է Պատիուկը:
Ան պատմած է նաեւ մէկ միջադէպի մասին, որ խիստ զարմացուցած է անոր:
«Զիս զարմացուց մէկ իրավիճակ: Դեռ ծանր մարտեր կ'ընթանային, մենք նստած էինք հայկական ճաշարան մը: Այնտեղէն 15 մեթր հեռաւորութեան վրայ կամուրջ մը կայ: Անոր վրայէն «Կրատ» կայանը կ'անցնէր, որ շրջուեցաւ, եւ հրթիռներ սկսան թռիլ: Իսկ հարեւանութեամբ կանգնած էին մարդիկ, պաղպաղակ կ'ուտէին եւ ծափ կու տային: Ըսել, որ ես ապշած էի, կը նշանակէ՝ ոչինչ ըսել»,- պատմած է թղթակիցը:
Անոր խօսքերով, սուրիացի քրիստոնեաները, այդ շարքին եւ հայերը, հսկայական կորուստներ կրած են:
«Այն քրիստոնէական շրջաններուն մէջ, ուր «Իսլամական Պետութիւն»ը եղած է, ցեղասպանութիւն գործուած է, բոլորը սուրէ անցած են»,- նշած է Պատիուկը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով՝ մինչ քաղաքացիական պատերազմը Սուրիոյ մէջ կը բնակէր շուրջ 100 հազար հայ: Անոնց մեծամասնութիւնը լքած է Սուրիան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի խօսքերով՝ Հայաստան տեղափոխուած է 17 հազար սուրիոյ քաղաքացի հայ:
Նիւթը՝ ԳԱԼԱ-էն