image

Հալէպ ծառայող մարդասիրական խումբը բուժօգնութեան դասընթացքներ կը կազմակերպէ

Հալէպ ծառայող մարդասիրական  խումբը  բուժօգնութեան  դասընթացքներ  կը կազմակերպէ

Հալէպի խաղաղ բնակչութեան համար հայ մասնագէտներու առաջին բուժօգնութեան դասընթացներ կը  կազմակերպուին։ 

Այս մասին լուրը կը հաղորդէ  ՝ «Արմէնբրէս»ը, նշելով որ տեղեկութիւնը  տրուած է մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի մամլոյ պատասխանատու Նազելի Էլբակեանէն։ 

  Դասընթացքներուն կը մասնակցին առաւելապէս իգական սեռի ներկայացուցիչներ, որոնք դասընթացքէն ետք պիտի կարենան օգնութուն ցուցաբերել կոտրուածքներ, այրուածքներ, արիւնահոսութիւններ, ելեկտրահարում, սիրտ-թոքային անբաւարարութիւն եւ վտանգաւոր այլ վնասուածքներ ստացած մարդոց: