image

Մալթայի ափերու մօտ խորտակուած է Կազա մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող նաւը

Մալթայի ափերու մօտ խորտակուած է Կազա մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող նաւը

«Ազատութեան նաւատորմ»ի նաւերէն մէկը, որ մարդասիրական օգնութիւն կը տեղափոխոխէ Կազայի հատուածին, անօդաչու թռչող սարքի յարձակման հետեւանքով Մալթայի ափերու մօտ վթարի ենթարկուած է։ Այս մասին հաղորդած է CNN հեռուստաալիքը՝ վկայակոչելով նաւատորմի մամուլի կցորդ Եասեմին Աքարը։

«Նաւի վրայ ներկայիս անցք առաջացած է եւ կը խորտակուի... SOS ազդանշանը փոխանցուած է մօտակայ երկիրներ, այդ շարքին՝ Մալթա»,-ըսած է հեռուստաալիքի զրուցակիցը։

Ան մանրամասնած է, որ նաւը կը գտնուէր Մալթայի ափէն 17 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Նաւի վրայ 30 իրաւապաշտպան կայ տարբեր երկիրներէ, սակայն անոնց հետ շփում չկայ։

Նաւը կէսգիշերէն ետք երկու անգամ յարձակման ենթարկուած է անօդաչու թռչող սարքերու կողմէ, ըսած է Աքարը։ Քաթարի Al Jazeera հեռուստաալիքը պնդած է, որ յարձակումն իրականացուած է իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի միջոցով։ Այն հարուածած է նաւը, որ կը փորձէր ճեղքել պաղեստինեան անկլաւի շրջափակումը, նշած են լրագրողները։