Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, Հալէպի քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ համայնքապետներու խորհուրդի հետ բարեկամական այցելութիւն տուած է Հալէպի քաղաքական հարցերու վարչութեան ղեկավարին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Սուրիական ընկերութեան զանազան բաղադրիչներուն միջեւ գործակցութեան և կառուցողական յարաբերութիւններու ամրապնդման համար, Հինգշաբթի, 7 Օգոստոս 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Հալէպի քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ համայնքապետներու խորհուրդին հետ բարեկամական այցելութիւն տուաւ Հալէպի քաղաքական հարցերու վարչութեան ղեկավար Իպրահիմ Իպրահիմին:
Այցելութիւնը շնորհաւորական եւ ճանաչողական բնոյթ ունէր։ Համայնքապետները յաջողութիւն մաղթեցին պարոն Իպրահիմին՝ իր պատասխանատու աշխատանքին համար, ընդգծելով քաղաքին եւ ժողովուրդին բարօրութեան համար նման հանդիպումներու եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին, պարոն Իպրահիմ համապարփակ կերպով բացատրութիւն տուաւ քաղաքական հարցերու վարչութեան դերին, անոր հիմնական հարցերուն եւ հասարակական աշխատանքներու համակարգման, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններու եւ ընկերութեան կապերու թափանցիկութեան համար տարուող ջանքերուն մասին:
Իրենց հերթին, համայնքապետները արծարծեցին շարք մը ընկերային, տնտեսական եւ ծառայողական հարցեր, որոնք անմիջականօրէն կ՚ազդեն քաղաքացիներուն կեանքին։ Ապա, իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին քաղաքի բազմազան բնակչութեան առջեւ ծառացած որոշ մարտահրաւէրներու գծով: Այս հարցերը քննարկուեցան փոխադարձ յարգանքի եւ կայուն լուծումներ գտնելու միատեղ ցանկութեան մթնոլորտի մէջ: