Սուրիա- Սուրիոյ կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ եղող Հալէպի գրեթէ բոլոր շրջանները կը մնան ջրազուրկ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ երէկ կէս գիշերէն ի վեր Հալէպը զրկուած է ելեքդրական հոսանքէ: Հալէպի այսօրուան իրավիճակին մասին «Ազատութիւն» ռատիօկայանին խօսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Զարմիկ Պօղիկեան:Ան ըսած է, որ քաղաքը կ'ապրի տագնապալի պահեր եւ նոյնիսկ չէ բացառած համաճարակներու տարածումը: Պօղիկեան նաեւ նշած է, որ դէպի Հալէպ ջուր մատակարաող ջրմուղ գլխաւոր կայանները կը գտնուին ընդդիմադիր զինեալներու տիրապետութեան տակ: Ըստ Պօղիկեանի իշխանութիւնները անցնող օրերուն բանակցութիւններ վարած են դէպի Հալէպ ջուրի մատակարարումը վերականգնելու համար, բայց ջուրը տրուած է մի քանի ժամեր միայն: Պօղիկեան նաեւ յայտնած է, որ ընդդիմադիր զինեալներ իբրեւ խաղաքարտ կ'օգտագործեն Հալէպ ջուր տալու հարցը: Վերջին օրերուն համեմատաբար խաղաղ օրեր ապրող Հալէպի մէջ ջուրի եւ ելեքդրականութեան տագնապները դարձած են նաեւ հայ քաղաքացիներուն համար լուրջ սպառնալիք: