Հալէպ քաղաքը քիչ առաջ հոսանքազրկուած է ամբողջութեամբ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկոււթիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ ընդհանուր հոսանքազրկման պատճառները ցարդ յայտնի չեն, իսկ ելեքդրականութեան հոսանքը անջատուած է ամբողջ քաղաքին մէջ: Նշենք, որ Հալէպի մէջ ընդհանուր իրավիճակը կը գնահատուի խաղաղ՝ համեմատած անցեալ շաբաթներուն շրջանին մէջ տիրող պատերազմական թէժ դրութեան: