Սուրիա- Լրատուական տարբեր աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Հալէպի մէջ ելեքդրականութեան եւ ջուրի տագնապը նորէն դարձած է հրատապ: Ըստ աղբիւրներուն, վերջին ժամերուն քաղաքը ամբողջութեամբ զրկուած է ջուրէ եւ ելեքդրականութիւնէ: «Ախպար Հալապ Ալ Շահպաա»-ի Ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ, որ ընդդիմադիր զինեալներ արգելքներ կը դնեն կառավարական մարմիններուն առջեւ` ելեքդրականութեան ընկերութեան հիմնական ցանցի նորոգման համար: