image

Հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին՝ յարգելով երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, այլապէս՝ աշխարհի մէջ քաոս կը սկսի. ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար

Հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին՝ յարգելով երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, այլապէս՝ աշխարհի մէջ քաոս կը սկսի. ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիո Կութերեշը յայտարարած է, որ երկիրներու միջեւ հակամարտութիւններու պատճառով մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ կը կորսնցնեն հաւատքը իրենց կառավարութիւններու նկատմամբ։

Ան կոչ ըրած է բարեփոխելու միջազգային կառոյցները եւ տարաձայնութիւնները լուծելու՝ յարգելով պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը։

«Աշխարհաքաղաքական տարաձայնութիւնները մեզի թոյլ չեն տար համախմբուիլ համաշխարհային որոշումներ կայացնելու համար։ Զարմանալի չէ, որ մարդիկ ամէնուր կը կորսնցնեն հաւատքը կառավարութիւններու, հաստատութիւններու եւ ֆինանսական եւ տնտեսական համակարգերու նկատմամբ», -ըսած է Կութերեշը Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած ուղերձին մէջ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը վստահութիւն յայտնած է, որ աշխարհը պիտի կարողանայ վերականգնել բազմաբեւեռ միջազգային կարգը, որուն մէջ տեղ կ՚ունենան հաւասարակշռութիւն եւ արդարութիւն միջազգային յարաբերութիւններու մէջ։

Միջազգային կառոյցները, անոր խօսքով, բարեփոխման կարիք ունին։ Անոնք ստեղծուած են 80 տարի առաջ, եւ «մեր պապերու համար նախատեսուած համակարգերով մեր թոռներու համար ապագայ կառուցելն» անհնար է։

Ան աւելցուցած է, որ զօրաւոր բազմաբեւեռ աշխարհը կրնայ կառուցուիլ միայն զօրաւոր հիմնարկներու մեխանիզմներու հիման վրայ։

Անթոնիո Կութերեշն իր ուղերձին մէջ նաեւ կոչ ըրած է դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ։ Հակամարտութիւնները, ինչպէս ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը, պէտք է լուծուին՝ յարգելով երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Հակառակ պարագային, ըստ անոր, «աշխարհի մէջ քաոս պիտի սկսի»։