Ուշաք քաղաքը Թուրքիոյ մէջ համանուն նահանգի կեդրոնն է: Քաղաքը յայտնի եղած է գորգերու արտադրութեամբ: Այնտեղ այսօր ալ գորգագործութիւնը մեծ հռչակ ունի եւ քաղաքին մէջ կը զբաղուին նաեւ շաքարի, բամպակի եւ բուրդէ գործուածքներու, կաշիի արտադրութեամբ:
Հայերը 19-րդ դարու վերջէն սկսած իրենց ներդրումը ունեցած են Ուշաքի գորգագործութեան բնագաւառին մէջ:
Լուսանկարին մէջ ՝ գորգագործ հայուհիներ՝ Ուշաքի մէջ, 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկիզբը: Անոնք կը տարբերուէին իրենց կոկիկ եւ ճաշակաւոր հագուստով և մազերու նուրբ յարդարանքով։