«29 Հոկտեմբերին Պէյրութի մէջ սկիզբ առնելիք ԳՈՀԱՐ-ի համերգները նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին. 100 երգեր պիտի ներկայացուին»,- «Արեւելք»ին յայտնեց ԳՈՀԱՐ համոյթի գործադիր տնօրէն Սեւակ Սերոբեան: Սերոբեան նաեւ ըսաւ, որ այս համերգաշարը աննախադէպ է , ուր չորս համերգներ պիտի տրուին, որոնց ընթացքին հնչելիք հիմնական երգերը, որոնք պիտի կրկնուին, ռազմական, հայրենասիրական երգեր են, որոնցմէ վաթսունը նոր են, նոյնիսկ եթէ հիմնովին նոր չեն, իրենց բաժանումը, մշակումը նոր է:
Սերոբեան նաեւ մատնանշեց, որ ԳՈՀԱՐ համոյթի համերգին ներկայ գտնուելու համար տարբեր երկիրներէ հայեր Լիբանան պիտի ժամանեն: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Շատ ընտանիքներ նախապէս Կիպրոսէն քանի մը օրով եկած են համերգին ներկայ գտնուելու, կան նաեւ այլ երկիրերէ եկողներ»: Սերոբեան նաեւ մատնաշնեց, թէ հակառակ անոր, որ ԳՈՀԱՐ-ը երեք տարի բեմական գործունէութիւն չէ ունեցած , բայց իր առօրեայ փորձերը շարունակած է բնականոն կերպով: «Պատճառը մեծ մտաւորական, ուսուցիչ, մայէստրօ խմբավար՝ Սեպուհ Աբգարեանի անսպասելի կորուստն էր: Ներկայիս խմբավարը Նաթալի Գալստեանն է, որ նախապէս Մաէսթրո Աբգարեանի օգնականն էր: Ընդհանուր գեղարուեստական ղեկավարը Գրիգոր Կուզիկեանը, իսկ խումբի պարուսոյցը եւ բեմադրիչը Սուսաննա Միքայէլեանն է: Խումբի անդամներու պարագային, որեւէ պատճառով հեռացողներուն փոխարէն նորեր կ'ընդունուին: Խումբը 150 հոգի եղած է, իսկ ներկայիս 185 հոգի կը հաշուէ: Մելիք Մաւիսագալեան, Սուրէն Խաչատուրեան եւ այլ անուններ կը զբաղին երգերու մշակումով: Սերոբեան նաեւ ըսաւ, որ .համոյթի աշխատանքներուն վերահսկողութեամբ կը զբաղին Յարութ Խաչատուրեան, Սարօ Սերոբեան, Նաթալի Գալստեան, Գրիգոր Կուզիկեան եւ ուրիշներ:
Մեր խօսակիցը նաեւ նշեց, որ ԳՈՀԱՐ-ի համագործակցութիւնը տեղւոյն հեռուստաալիքներուն հետ միշտ սերտ եղած է: «Համերգները երգի բառերով, պատշաճ գրքոյկով DVDի կը վերածուին, որը ունի տողատակային, տառադարձային հնարաւորութիւն: Խօսելով «ԳՈՀԱՐ» համոյթի ստեղծման պայմաններուն մասին` Սերոբեան ըսաւ, որ խումբը սիրողական ձեւով սկիզբ առաւ 2002-ին եւ ապա հետաքրքրուողներու թիւը ստուարացաւ: «Համերգներ տուինք Պոլիս (2005), Մոսկուա (2006), Ամերիկա ( 2007) Հալէպ (2009), Պէյրութ (2010), Հայաստան (2011) եւ Հարաւային Ամերիկա (2012)»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ «ԳՈՀԱՐ» կը պահէ իր մակարդակը, խումբը եւ սիմֆոնիքը Կիւմրեցիներ են, մեներգողները՝ Երեւանէն: Սերոբեան, անդրադառնալով ԳՈՀԱՐ-ի Պոլսոյ համերգին, ըսաւ, «Պոլսոյ պարագային նախապէս հոն համերգ տալու գաղափարին ես անձնապէս դէմ էի, սակայն հոն ապրող եւ 70-80 հազար հաշուող հայութեան համար, որ պահապան եղած էր մեր ոսկեդարի մշակոյթին, գրականութեան, արուեստին , երաժշտութեան, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն , անոնց համար, որ տակաւին կը պահէին արեւմտահայերէնի բոյրը, արժէր, որ «ԳՈՀԱՐ» համերգներով հանդէս գար«:
«ԳՈՀԱՐ-ի հիմնական գաղափարը եղած է հայ երաժշտութիւնը մատուցել հայ ունկնդիրին, սակայն զանազան երկիրներու մէջ օտար հանդիսատեսներ ալ եղած են: Ուրուկուէյի նախագահը ներկայ եղած է մեր ելոյթին: Պէյրութի մէջ արաբ հանդիսատեսներ ալ ներկայ եղած են եւ հիացած ու խորապէս տպաւորուած են ԳՈՀԱՐ-ով:
Ըստ Սերոբեանի «Երգերու մշակումները այսօրուան մշակումներով, գաղափարներով կ'ըլլան: Ընտրուած երգերը հարուստ են, արմատ ունին, երբ կը փոխանցուին ինքնաբերաբար կը դրոշմուին եւ երգացանկը ընդարձակ ու հարուստ է: Երաժշտութիւնը վերջոյ պատգամ մըն է: ԳՈՀԱՐ-ը ունի դասական, ժողովրդական, գուսանական եւ էսդրատային երաժշտութիւն:
1997-էն սկսեալ Յարութ Խաչատուրեան եկած է Կիւմրի եւ հիմնադրած խումբը, որովհետեւ մէկ տարի առաջ, յետ երկրաշարժին, Պրն. Խաչատուրեանի մայրը եկած է Կիւմրի ու տեսած տեղւոյն ժողովուրդի ցաւը, իղձը, հետեւաբար խրախուսած էր իր ընտանիքը, զաւակները, որ գան եւ օգտակար դառնան մեր հայրենակիցներուն: Յարութ Խաչատուրեան, որ տարիներով եղած է հայ երգին եւ երաժշտութեան մեկենաս, ուզած է ունենալ իր խումբը, որպէսզի իր ճաշակով հայ լայն հասարակութեան մատուցուի հայ երաժշտութիւնը: Յետոյ հիմնուեցաւ երաժշտական դպրոց, որ ունի 80-90 ձրիաբար երաժշտական կրթութիւն ստացող աշակերտներ: Այս երեխաները կ'ընտրուին յատուկ մարմնի մը կողմէ եւ մինչեւ աւարտական դասարան կը հասնին ու ապա կը կատարելագործուին երաժշտանոցներու մէջ (Կիւմրի եւ Երեւան): Դպրոցը սկիզբը լարային էր, յետոյ աւելցան երաժշտական գործիքներու տեսակները, անոնց միացաւ երգչախումբը: 2000-2001 թուականին խումբն արդէն իր ամբողջական կազմը ունեցած էր եւ 2002-ին ունեցաւ իր առաջին համերգը Պէյրութի մէջ: Զրոյցի աւարտին Սեւակ Սերոբեան յայտնեց, թէ «ԳՈՀԱՐ-ը միշտ նպատակ ունի այցելել հայահոծ գաղութներ , ուր հայապահպանման հետամուտ հայեր կան, որոնք կարօտ են հայ երգին: ԳՈՀԱՐ-ը իր ոճը անփոփոխ կը պահէ»,- հաստատեց ան:
Լուսանկարին Մէջ` Սեւակ եւ Սարօ Սերոբեաններ: