Յայտնի երեւոյթ է, թէ վերջին տասնամեակներուն մի՛շտ կը խօսուի այն էական հարցին մասին, որ մեր մէջ կը կամաց կամաց կը սկսի նուազիլ լեզուի մշակները, գրականութեան ու ուսուցչութեան նուիրեալները: Անցնող շաբթուան «Կը Նահանջէ Լեզուն» խորագրեալ յօդուածին մէջ ըսինք, թէ «Աւելին, լեզուն կը մեռնի, որովհետեւ անտարբերութեան ու անփթութեան համաճարակ մը կը թափանցէ հասակ առնող սերունդին մէջ», սակայն հակառակ այդ անտարբերութեան այսօր ունինք արտառոց այլ խաւ մը, որ խորապէս գրելու եւ կամ աւելի ճիշդ գրել փորձելու մարմաջէն կը տառապի: Արտասովոր խաւ մը՝ որ ո՛չ հայերէն լեզուէն կը հասկնայ, ո՛չ գրականութեան մասին մտապատկեր մը ունի, սակայն «ի վերուստ» ունի գրելու մարմաջն ու մոլուցքը:
Գովելի երեւոյթ է գրելու նախափորձեր կատարելը եւ արժանի խրախոյսի. սակայն այսօրուայ յօդուածը անոնց մասին է՝ որոնք իրենք զիրենք բեմբասաց ու հռետոր ըլլալ կը կարծեն եւ հրապարակ կու գան վեհ ու անմրցունակ գրողի մը յաւակնութեամբ: Անձեր՝ որոնք ուրիշին գրածը կարդալու համեստութիւնը չեն ունենար, որովհետեւ ենթադրաբար իրենք կանխապէս գիտեն այն բոլորը՝ ինչ որ փոխանցած է միւս գրողը: Շահնուր, Շանթ, Սեւակ եւ կամ Չարենց մը ըլլալու յաւակնութեան ախտէն տառապեալ խաւ մը:
Այս մէկը հայութեան մէջ նոր գոյացած երեւոյթ մը չէ. «Մասիս» պատկերազարդ շաբաթաթերթին մէջ Հ. Կէտիկ անունով հրապարակագիր մը, 8 Մարտ 1908 թուականի թիւին մէջ կը գրէ. «մեր մէջը դասակարգ մը կայ, որ գրելու եւ մանաւանդ ոտանաւոր թխելու մարմաջէն վարակուած է». իրապէս. վերոյիշեալ խաւը մի՛շտ ալ արձակէ աւելի բանաստեղծութեամբ հանդէս գալու մոլութիւն մը ունին, որովհետեւ համոզուած են թէ բանաստեղծութեան մը միայն վերջին վանկերու նոյնութեամբ կրնայ ծնունդ առնել աննախընթաց տաղ մը: Կը փորձեն գերեզմանին մէջէն դուրս բերել փոշիացած հայերէն բառեր եւ անոնց միացումով անհասկնալի քաոս մը ստեղծել, որովհետեւ մի՛շտ անհասկնալին խորհրդաւոր տպաւորութիւն մը կը ձգէ ակամայ:
Այդպիսիք կ'անգիտանան որ բանաստեղծութիւնը ո՛չ ճոխացած բառերուն եւ ո՛չ ալ վերջածանցներու միաձեւութեամբ կը դառնայ բանաստեղծութիւն, այլ իր պարզութեամբ, խորհուրդով եւ ապրումներով: Ի՞նչ իմաստ ունի գրել «Շամանդաղուած ցուցք մը անսացի» գրել, որ ոչ գրողը եւ ոչ ալ կարդացողը պիտի հասկնայ...:
Ծանրակշիռ բառեր գործածողներուն առընթեր գոյութիւն ունին այնպիսիք, որ կը կարծեմ ոեւէ մէկ բառի ետեւ –ում ածանցը աւելցնելով կրնան բանաստեղծութիւն ձեռք ձգել եւ ամէն տող «խմում», ուտում», «լսում» «խօսում»-ով վերջացնելով կ'ունենան նոր քերթուած մը եւ ճշմարիտ սպանդը սկիզբ կ'առնէ հոն՝ ուր արեւմտահայերէնն ու –ում ածանցը կը պլլուին իրարու... Երբ նախադասութիւնը սկիզբ կ'առնէ «Ես կ'երթամ դէպի» մաքուր արեւմտահայերէնով ու վերջ կը գտնէ «աշխարհում մենակ մոլորուել»-ով, ստեղծելով հայերէն մը՝ որուն արեւին ո՛չ մտնելը եւ ո՛չ ելլելը յստակ է:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Գրողներու Ե. Համաժողովի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 17 Նոյեմբեր 1966-ին, Ստեփան Կուրտիկեան կ'արտասանէ հետեւեալ խօսքերը.- «Յաճախ, որոշ գրողներ, հրատարակչական հնարաւորութիւններ ունենալով սփիւռքում, լոյս են ընծայում գեղարուեստական թոյլ գործեր, իսկ շատ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ տարիներու ու տասնեակ տարիներով անձեռնմխելի են մնում միջոցներ չունեցող հեղինակների գրադարակներում»: Իրօք. այսօր մեր շուրջ բազմաթի՜ւ են գրելու մարմաջով տառապողներ՝ որոնք արդէն իսկ հեղինակ տպագրուած հատորներու, իսկ անդին նիւթական միջոցներու չգոյութեան պատճառով պատկառանքի արժանի մտաւորականներ կը զրկուին այդ օրհնութենէն: Անարժանները շնորհահանդէսներ կը կազմակերպեն, մինչ արժանաւորը իր գլուխը պատին կու տայ՝ ծնունդ տալու համար արժէքաւոր հատորը:
Եթէ անցեալին հրատարակութեանց արժէչափը գործին տարողութիւնն ու արժէքն էր, այսօր ցաւ ի սիրտ նիւթական միջոցներու առկայութիւնն է, որ անարժան գրողը կրնայ մինչեւ հասցնել Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամակցութեան:
Այս յօդուածին շարժառիթը վերջերս թէ՛ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ շնորհահանդէս կատարած «բանաստեղծ» մըն է, ու ի՜նչ մեծ զարմանք. Սրահը ամբողջութեամբ լեցուն, հանդիսութեան ներկայ են կառավարական, եկեղեցական ու մտաւորական անձնաւորութիւններ:
Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել, չէ՞ որ ամէն հայ քիչ մը գրող, քիչ մը ամէ՛ն ինչ է: Ամէ՛ն հայ քիչ մը գրականագէտ եւ քի՛չ մըն ալ քննադատ է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ