image

Գիւմրիի մէջ բացուած է 10-րդ «ԱրՄաթ» ճարտարապետական լապորաթորիան

Գիւմրիի մէջ բացուած է 10-րդ «ԱրՄաթ» ճարտարապետական լապորաթորիան

Գիւմրիի մէջ տեղակայուած լապորաթորիան կը գործէ անվճար հիմունքներով: Ան համալրուած է համակարգիչներով, եռաչափ տպիչով եւ ռոպոթաշինութեան մանրամասներով: Գիւմրիի եւ հարակից բնակավայրերու երեխաները այստեղ պիտի ստանան ժամանակակից արհեստագիտական կրթութիւն՝ իւրացնելով ռոպոթաշինութեան եւ ծրագրաւորման ժամանակակից հմտութիւններ: 

«Դէպի առաջ» կեդրոնէն ներս հիմնուած «ԱրՄաթ» խմբակ-լապորաթորիան հիմնուած է «Փարոս» հիմնադրամի ֆինանսական աջակցութեամբ:

«ԱրՄաթ» կեդրոններ կը գործեն ՀՀ-ի եւ Արցախի 194 դպրոցներու մէջ: «Արմաթ»ի մէջ կը սորվին շուրջ 5000 դպրոցականներ: 2016-ին «Արմաթ» ճարտարապետական լապորաթորիաները արժանացած են 2 միջազգային հեղինակաւոր մրցանակի՝ Բրազիի մէջ ՏՏ համաշխարհային համաժողովի WITSA Global Excellence Award մրցանակաբաշխութեան «Կայուն զարգացման» եւ Թիֆլիսի մէջ GITI-2016 տարածաշրջանային ՏՏ միջոցառման մրցանակաբաշխութեան «ՏՏ կրթութեան լաւագոյն մատակարարի» տիտղոսները (The best provider of IT education):