image

Իտալիոյ  Պարի  քաղաքին մէջ բացուած է Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսութիւն

Իտալիոյ  Պարի  քաղաքին մէջ բացուած է Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսութիւն

Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ բացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոսութիւն (իրաւասութիւնը՝ ողջ Փուլիայի շրջանին մէջ)։ Այս մասին յայտնած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

Պատուաւոր հիւպատոս նշանակուած է Տարիօ Ռուբէն Թիմուրեանը։

«Բարիում Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոսութիւնը դառնալու է Պուլիայում Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Պուլիայի շրջանի միջեւ գիտական, մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ առեւտրային համագործակցութեան խթանմանն ուղղուած նախաձեռնութիւնների յղման վայրը»,– իր ելոյթին մէջ ըսած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Ծովինար Համբարձումեանը:

Նշենք, որ ՀՀ–ն պատուաւոր հիւպատոսութիւն ունի նաեւ Իտալիոյ Վենեթօ քաղաքին մէջ։