image

Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքին նոր կառավարիչ. Գերյ. Հայր Միքայէլ Ծ. Վ. Պասալէ նշանակուած է Յունաստանի Առաքելական Կառավարիչ

 Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքին նոր կառավարիչ. Գերյ. Հայր Միքայէլ Ծ. Վ. Պասալէ նշանակուած է Յունաստանի  Առաքելական Կառավարիչ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Յունաստանի հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ`  Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզազեանի ներկայացուցած հրաժարականը, անոր տեղ  Առաքելական Կառավարիչ նշանակեց, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան անդամ, Գերյ.  Միքայէլ Ծ. Վ. Պասալէն` Արեւլեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու երբեմնի Առաքելական Կառավարիչը։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն։

 Ստորեւ   կատարուած լրատւութիւնը՝

Հայր Միքայէլը ծնած է Հալէպ` 16 յունուար 1969-ին։ Նախնական ուսմունքները կատարած է իր ծննդավայրին մէջ ապա 1986/1987 տարեշրջանին յաճախած է Հալէպի Զմմառու միաբանութեան փոքր նորընծայարանը, որմէ ետք փոխադրուած է Լիբանան` Զմմառու վանք ուր աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսմունքները մեկնած է Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարան, ուր երկու տարի մնալէ ետք դարձեալ վերադարձած է Լիբանան ու աւարտած Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսմունքները։

Քահանայ ձեռնադրուած է 21 դեկտեմբեր 1997-ին։ Ծառայած է տարբեր առաքելական վայրերուն մէջ, ինչպէս Լիբանան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսաստան` ուր վերակազմակերպած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, հուսկ երկար տարիներ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Ռատիօ վատիկան – Վատիկան Նիուզ հայկական բաժանմունքի  անձնակազմը շնորհաւորելով սիրելի Հայր Միքայէլին նոր պաշտօնը անոր կը մաղթէ բեղուն առաքելութիւն եւ յաջողութիւններ։