Գերմանաբանակ պատմաբան Ազատ Օրտուխանեան կը ղեկավարէ «Գերմանիոյ հայ ակադեմականներու միութիւն»ը , որ հիմնադրուած է 1860-ին եւ այս տարի կը նշէ իր հիմնադրման 155-ամեակը: Միութիւնը զանազան ծրագրեր կ'իրականցէ, որոնցմէ մէկն ալ բնապահպանական է: «Արեւելք» Ազատ Օրտուխանեանին հետ զրուցեց այդ թեմայով եւ հայութեանը յուզող այլ հարցերու շուրջ.
-Պրն. Oրտուխանեան, վերջերս ստեղծուեցաւ հայ-գերմանական բարեկամութեան խորհուրդը, որու անդամներէն էք: Կ’ուզէինք աւելի մանրամասն տեղեկանալ, թէ ի՞նչ միութիւն է եւ ինչո՞վ կը զբաղի:
-Իմ ղեկավարած կառոյցը` «Գերմանիոյ «հայ ակաթեմական միութիւն»ը, հիմնադրման 155-ամեակի կապակցութեամբ որոշեց հիմնել Հայ-գերմանական բարեկամութեան այգիներ: Այս տարուան ապրիլին Երեւանի Աւան շրջանի Նարեկացի թաղամասին մէջ հիմնեցինք առաջին այգին, մէկ շաբաթ յետոյ, 155 ծառերով մեկնեցանք Գերմանիա եւ տնկեցինք Պոխում քաղաքի մէջ հայ-գերմանական բարեկամութիւնը խորհրդանշող երկրորդ այգին: Այժմ ծառեր բերած ենք Գեմանիայէն եւ Եղեգնաձորի կեդրոնը հիմնեցինք 3-րդ հայ-գերմանական բարեկամութեան այգին, կրկին ծառերով պիտի մեկնինք Գերմանիա` գարնանը ծառեր տնկելու համար Տորթմունտի «Ռումպէրկ փարք»ին մէջ, որ ամենամեծ բուսաբանական այգին է Գերմանիոյ մէջ , որ պիտի հանդիսանայ 4-րդ հայ-գերմանական բարեկամութեան այգին եւ պիտի ըլլայ նաեւ այդ այգիի հայկական բաժինը:
-Իսկ ինչո՞վ կը զբաղի «Գերմանիոյ հայ Ակադէմականներու միութիւն»ը:
-Կազմակերպութիւնը ստեղծուած է 1860-ին, երբ դեռ Գերմանիան միաւորուած չէր: Գերմանիոյ միաւորումէն ետք 1872-ին կազմակերպութիւնը որոշեց իր նստավայրը տեղափոխել Պէրլին, 1890-ականներուն կազմակերպութիւնը կը գործէր Պէրլինի եւ Լայպցիկի մէջ, այնուհետեւ Բ. Աշխարհամարտի ժամանակ մասնաճիւղ ունեցաւ Վիէննայի մէջ: 2001-էն սկսեալ կազմակերպութեան նստավայրը տեղափոխուեցաւ Պոխում համալսարանական քաղաքը: Նաեւ նշեմ, որ բազմաթիւ հայ մտաւորականներ, որոնք ուսում ստացած են Գերմանիոյ մէջ, անդամ եղած են այս կազմակերպութեան, ինչպէս՝ Լեւոն Շանթը, Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսը, Չորէքճեան կաթողիկոսը, Յակոբ Մանադեանը, որ մեր համալսարանի առաջին ռէկտորն էր: Մեր կազմակերպութեան նախագահ եղած է փրոֆ. Մանուկ Աբեղեանը, բազմաթիւ հայ մտաւորականներ գործակցած են կազմակերպութեան հետ , ինչպէս՝ Ա. Իսահակեան, Կոմիտաս, Գարեգին Նժդեհ, բոլոր անոնք որոնք եղած են Գերմանիոյ մէջ, կապ հաստատած են այս հնագոյն կազմակերպութեան հետ: Կազմակերպութիւնը կը համարուի Եւրոպայի հնագոյն ակաթէմական կառոյցներէն մէկը, եւ գերմանացի մասնագէտներ զայն կը համարեն Գերմանիոյ ամենահին գաղթողներու միկրա կազմակերպութիւնը:
Մենք կը շարունակենք մեր մշակութասէր նախնիներու աշխատանքը, կազմակերպութիւնը այժմ կը զբաղուի ոչ միայն գիտամշակութային, այլ նաեւ քաղաքական աշխուժ գործունէութեամբ: Մենք կը մասնակցինք բոլոր հակաթրքական մեծ ցոյցերուն, հակաէրտողանեան պայքարին, կը փորձենք մաս դառնալ Արեւմտեան Հայաստանի դրացի ազգերու միաւորմանը, միւս ազգերու հետ միասնաբար ստեղծած ենք մէկ այլ կազմակերպութիւն, որու մէջ կը միաւորուին հայերը, յոյները, ասորիները, տէրսիմցիները, քոջկիրիները, ալէվիացած արաբները եւ մի քանի այլ դրացի ժողովուրդներ: Կազմակերպութիւնը ունի իր մատենաշարը, կը հրատարակէ իր գիրքերը, սա կարծեմ Եւրոպայի մէջ գործող միակ կազմակերպութիւնն է, որ ունի իր մատենաշարը, հրատարակչական բաժինը: 2004-ին Տորթմունտ քաղաքին մէջ հիմնեցինք «Արամ Խաչատուրեան»ի անուան երաժշտական հիմնարկը, 2005-ին փորձեցինք Եւրոպայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ստեղծել հայ սիմֆոնիք նուագախումբ` բաղկացած միայն հայերէ, եւ հայկական դասական երաժշտութեան համերգացանկէ: Մեր կազմակերպութիւնը համագերմանական բնոյթի կազմակերպութիւն է, անդամներ ունի Գերմանիոյ ամենատարբեր քաղաքներէն, որոնք պայման է, որ ըլլան կա'մ համալսարանի մէջ ուսանողներ կա'մ համալսարանաւարտներ:
-Պարոն Օրտուխանեան, վերջին շրջանին Գերմանիոյ մէջ սկսան դրական ցոլքեր, կապուած հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ընդհանուր գործընթացին հետ: Գերմանիան մինչեւ այսօր կը մնայ ամենասերտ, ամենամտերիմ դաշնակիցը Թուրքիոյ: Դուք ինչպէ՞ս կը բնութագրէք, ի՞նչ կը կատարուի, յատկապէս Վատիկանի յղած պատգամէն ետք եւրոպական նոր արթնացում մը մէջտեղ եկաւ, որ երկիրներու միջեւ շահերը կը խանգարեն արդարութեան յաղթանակը, հայ ժողովորդի յաղթանակը: Ի՞նչ հանգրուաններ մեզի կը սպասեն:
-Ես կը կարծեմ, որ մենք` գերմանահայերս պէտք է չափազանց աշխուժ աշխատանք տանինք: Մեր ֆրանսահայ եղբայրները 30-40 տարի աշխատեցան այս ուղղութեամբ մինչեւ հասան այս վիճակին, մենք նոյնպէս պէտք է աքթիւ կերպով աշխատինք, համագործակցելով նաեւ պետական կառոյցներու հետ, որ սակայն շատ յաճախ չի յաջողիր դժբախտաբար: Ունինք բաւականին լուրջ թիւով գերմանացի ընկերներ, բարեկամներ ե՛ւ ակադեմական ե՛ւ քաղաքական շրջանակներէն ներս, որոնք կը պաշտպանեն մեր դատը: Ունինք նաեւ բազմաթիւ Պունդեսթակի երեսփոխաններ, որոնք մեր բարեկամներն են արդէն, բայց հաւասարակշռութիւնը տակաւին չենք կրցած ստեղծել, թուրքերը այս հարցի մէջ ուժեղ են, ամբողջ պետական համակարգը կը գործէ այդ ուղղութեամբ, մենք ունինք կատարելու աշխատանք, պիտի աշխատինք:
Զրուցեց՝ Ս. Ա.