Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հարցազրոյցը ՝ իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանին հետ (Ա.)
Վերջերս Հայկական յիշատակի կեդրոնը հրատարակած է իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի համադրած «Հայերը եւ Օխրանան. 1907-1915» վերնագրով հատորը, ուր ամփոփուած են 20-րդ դարու սկիզբին ռուսական ցարական շրջանի արխիւներէն թարգմանուած աւելի քան 50 վաւերաթուղթեր, որոնք կ՚առընչուին հայկական յեղափոխական կազմակերպութիւններուն։ Այս փաստաթուղթերը, որոնք գտնուած են Ռուսաստանի գաղտնի սպասարկութեան՝ «Օխրանա»-յի արխիւներուն մէջ, նոր լոյս կը սփռեն ոչ միայն ցարական գաղտնի սպասարկութեան, այլեւ անոր կողմէ հալածուողներու գործունէութեան վրայ։ Նախաբանը գրած է Արմէն Մանուկ Խալոյեան։
Երեւանի մէջ պրն. Վարդգէս Եղիայեանի հետ պատահական հանդիպումը «Հայերը եւ Օխրանան. 1907-1915» գիրքին շուրջ զրոյցէն մեկնած՝ վերածուեցաւ տեսակցութեան, որ հասաւ մինչեւ AXA-ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու շառաւիղներու հատուցման հիմնադրամի բաշխումի զեղծարարութիւններու մանրամասնութիւններուն։
AXA-ի դէմ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն նիւթական հատուցման դատը, որ բացուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ Վարդգէս Եղիայեան - Պրայան Քապաթէք - Մարք Կիրակոս փաստաբաններու երրեակին կողմէ, յանգեցաւ 18 միլիոն տոլարի յատկացման հիմնադրամի ստեղծումին, որ սակայն բաշխումի ընթացքին բազմաթիւ զեղծարարութիւններու եւ գայթակղութիւններու առիթ տուաւ։ Փաստաբանները զիրար ամբաստանեցին մինչեւ իսկ Քապաթէք եւ Կիրակոս դատ բացին Եղիայեանի դէմ երբ այս վերջինս թափանցիկ հաշուետւութիւն պահանջեց իր գործակիցներէն։ Յետագային AXA-ն երեք հոգինոց յանձնախումբ մը կազմեց, որոնց անդամներն էին Սամուէլ Շնորհօքեան - Հիլտա Չոպոյեան - Զաւէն Գաբրիէլեան, որոնք պատրաստեցին ամբողջական թղթածրար մը, ուր մանրամասնօրէն կը նկարագրուի զեղծարարութիւններուն ձեւը, ծաւալը, դերակատարները եւ առաւել՝ հարցադրումներ, որոնք կը մնան բացատրութեան կարօտ։ Այս թղթածրարը լայնածաւալ կերպով ներկայացուցած էինք 2014 Յուլիս 17-ի մեր թիւ 670-ին մէջ։
«Նոր Յառաջ» - Դուք ցարդ փաստաթուղթերու ութ գիրքեր հրատարակած էք, որոնցմէ վերջինը՝ «Հայերը եւ Օխրանան. 1907-1915» է։ Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ այս հրատարակչական գործը։
Վարդգէս Եղիայեան-Խօսելով այս վերջին գիրքին մասին ըսեմ, թէ հոն ամփոփուած են փաստաթուղթեր դաշնակցական յեղափոխականներուն վերաբերեալ, որոնք 1907-էն 1915 յեղափոխական գործունէութիւն ծաւալած էին կովկասեան շրջանին մէջ եւ զորս գաղտնի ոստիկանութիւնը կը հետապնդէր, մանաւա՛նդ Աւետիս Ահարոնեանը, որ Հ.Յ.Դ.-ի ղեկավարներէն էր։ Այդ ընթացքին յեղափոխականները հարիւրէ աւելի ոստիկաններ սպաննած են եւ վիրաւորած՝ 15 հոգի (ամբողջական անուանացանկը կայ այս հատորին մէջ), այսինքն մարդիկ որոնք հակառակ էին յեղափոխականներուն։ Սպաննողներուն մէջ կուսակցութեան անդամ քանի մը հայ լրտեսներ ալ եղած են, որոնք դաւաճանելով Հ.Յ.Դ.-ին, դրամ շահելու համար դիմած են այդ քայլին։ Ես այդ մասին ալ գրած եմ որպէսզի ցոյց տամ թէ մենք ալ տկար կէտեր ունինք։
Ըսեմ, թէ, նախագահ Ելցինի օրերուն, ծանօթներուս հետ Մոսկուա կը գտնուէի, երբ ինծի ըսուեցաւ, թէ Քրեմլինը ամերիկացի փաստաբան մը կը փնտռէ։ Իրաւաբան ըլլալով հետաքրքրուեցայ եւ յաջորդ օրը հանդիպում ունեցայ Ելցինի օգնականներէն 35 տարեկան երիտասարդ տղու մը հետ։ Ան ըսաւ, թէ իրենք լուրջ խնդիր մը ունին եւ պատմեց թէ ի՛նչպէս Բ. Աշխարհամարտի աւարտին Ռուսերը, Անգլիացիները եւ Ամերիկացիները ամէն բան գրաւեցին, պատմեց նաեւ այն ամբողջ թոյնի տակառներուն մասին, որոնք Գերմանացիներուն մօտ կը գտնուէին։ Այդ թոյնի տակառները բարձեցին գերմանական 70 ռազմական նաւերու վրայ եւ ընկղմեցին Պալթիկ ծովուն մէջ։ Իսկ հիմա այդ թոյները ծովուն երեսը կու գան եւ Լեհաստանն ու անկախացած Պալթեան երկիրները Ռուսաստանի դէմ դատ պիտի բանան։ Ես մտածեցի թէ պէտք է երթամ եւ Ամերիկացիներուն հետ ալ խօսիմ։ Այդպէս ալ ըրի։ Բայց վերջիններս զարմացած հարցուցին թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ ես տեղեակ եմ այդ գաղտնի արարքներուն մասին։ Ես դիմեցի Սպիտակ Տան ազգային ապահովութեան սպասարկութեան մարմիններուն եւ հարցում ուղղեցի, թէ արդեօք անոնք ռուսերէն գիտե՞ն…, ո՛չ ըսին, ես ալ ըսի թէ՝ լաւ կ՚ըլլայ որ սորվին, որովհետեւ այդ ամբողջ տեղեկութիւնները ռուսերէնով լոյս տեսնող թերթերուն մէջ հրատարակուած են, որոնց պատճէնները ունիմ։ Քովս են նաեւ գիտնականներուն զեկոյցները։ Ինչ որ է, ես ռուսական կողմին զեկուցեցի թէ ասիկա իրաւաբանական հարց մը չըլլալով, պէտք է թաղել…։ Աւարտին Քրեմլինի պաշտօնեան հարցուց թէ ի՞նչ գին պիտի վճարէ ծառայութեանս համար։ Ես անշուշտ մերժեցի որեւէ նիւթական հատուցում։ Ան փոխարէնը առաջարկեց որ եթէ Քա.Կէ.Պէ.-էն թուղթ մը ուզելու ըլլամ ինք կրնայ այս հարցը կարգադրել։ Իմ պատասխանս անշուշտ դարձեալ բացասական էր։ Նոյն իրիկունը սենեակիս մէջ կը կարդայի նախագահ Քենետիի ու զինք սպաննող Օզուալտի (Harvey Oswald) պատմութիւնը։ Յաջորդ օրը, երիտասարդին քովը գացի. սեղանին առջեւ թուղթ մը կար։ Ըսի, թէ Օզուալտի մասին Քա.Կէ.Պէ.-ի տեղեկութիւնները կ՚ուզեմ։ Ան իր առջեւ դրուած թուղթը դարձուց… զարմանալիօրէն իմ ուզածն էր։ Կը մտածէի, թէ նկատի ունենալով որ Օզուալտը ռուս կին ունէր, Ռուսաստան գտնուած էր, ո՞վ գիտէ ի՞նչ գաղտնիքներ կային այդ սպանութեան ետին։ Ան ըսաւ, թէ այդ տեղեկութիւնները չի կրնար տալ ինծի, փոխարէնը՝ 120 տոլարի դիմաց կրնայ տալ այլ փաստաթութղեր։ Վճարելէս ետք կրցայ ունենալ ցարական գաղտնի ոստիկանութեան՝ «Օխրանա»-յի 55 փաստաթուղթերը, որոնց մէջ նշմարեցի Աւետիս Ահարոնեանի մասին գրութիւններ՝ ցարական ոստիկանութեան հետապնդումներու վերաբերեալ: Յետոյ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն երբ մէկու մը ցոյց տուի զանոնք, անմիջապէս ըսին թէ՝ չըլլայ որ այդ մասին գրես, որովհետեւ այդ փաստաթուղթերը կը հերոսացնեն Դաշնակցութիւնը…։ Անկէ 25 տարի վերջ, օր մը Ամերիկայի մէջ գրասենեակիս փոխադրութեան ատեն դարակի մը մէջէն դուրս հանեցի Ելցինի օգնականէն իմ գնած այդ 55 փաստաթուղթերը, որոնք երկար ատեն հոն մնացած էին…։ Խորհեցայ որ պէտք է թարգմանել գաղտնագիրերով գրուած այդ թղթածրարը։ Եւ այդպէս ճամբայ ելանք։ Այս հատորը երկու յատկանշական կողմ ունի. նախ որ կայսեր համար աշխատող առաջին գաղտնի ոստիկաններուն (որոնց հետեւած են «Չեկան» եւ Քա.Կէ.Պէ.-ն) գործունէութիւնը շատ կը հետաքրքրէ պատմաբանները։ Իսկ երկրորդը՝ Հայերու ռուսական հատուածի պահանջատիրութիւնն էր (թրքականի մասին արդէն գիտէինք)։
«ՆՅ» - Իսկ ի՞նչ նիւթեր ամփոփուած են ձեր նախորդ գիրքերուն մէջ։
Վ.Ե.-Անոնք կը վերաբերին Սողոմոն Թեհլիրեանի, Միսաք Թոռլաքեանի եւ Արշաւիր Շիրակեանի դատավարութիւններուն։ Այդ տղոց յաճախ կը հանդիպէի Դաշնակցութեան ակումբին մէջ՝ Սան Ֆրանսիսքօ։ Ինծի «արգիլած» էին Թեհլիրեանի հետ իր դատավարութեան մասին խօսիլ՝ վերջինիս առողջական պատճառներով։ Զանազան նիւթերու մասին կը խօսէինք, բացի բուն նիւթէն, որ կը վերաբերէր Թալէաթի սպանութեան։ Օր մըն ալ ան ըսաւ՝ խօսակցութեան ուրիշ նիւթ չունի՞ս, ըսի՝ անշուշտ թէ ունիմ, որովհետեւ իր դատավարութեան հարցը կը հետաքրքրէր զիս։ Ու սկսաւ պատմել Թալէաթի սպանութեան պարագաներուն մասին։ Յետագային անգլերէնի թարգմանեցի Թեհլիրեանի դատավարութեան մասին թղթածրարը, որուն հետեւեցաւ Միսաք Թոռլաքեանինը, որ Պոլսոյ մէջ Անգլիացիներու զինուորական դատարանի մը կողմէ դատապարտուեցաւ։ Ինծի ծանօթ անգլիացի գաղտնի ոստիկանէ մը (որուն կինը հայ էր) իմացայ (կուսակցականները կ՚ըսէին, թէ տեղեակ չեն այդ մասին) որ Թոռլաքեանի դատավարութեան թղթածրարը Նիւ Եորքի հրէական փոքրիկ թանգարանի մը դարակներուն մէջ կը գտնուի։ Ի վերջոյ զանոնք գտայ՝ Ռաֆայէլ Լեմքինի թուղթերուն կողքին…։ Ի մէջ այլոց Ռ. Լեմքինի Հայոց պատմութեան մասին գրութիւններն ալ ձեռքս անցան, զորս առանձին գրքոյկով հրատարակեցի։ Յետոյ, անգլիական թանգարանէ մը (Լոնտոն) ձեռք ձգեցի Մալթայի մէջ 1921-22-ին տեղի ունեցած 59 երիտ. թուրքերու 300 էջնոց դատավարութեանց փաստաթուղթերն ալ եւ հաւաքագրեցի հատորի մը մէջ։ Աւելի ուշ այս գիրքը Զարաքօլուի կողմէ թրքերէնի ալ թարգմանուեցաւ եւ օրին օրինակ մըն ալ ղրկեցի Հրանդ Տինքին։ Սոյն հատորը պիտի վերահրատարակեմ, որովհետեւ ուրիշ փաստեր ալ գտայ այդ աւազակներուն մասին։ Պատմեմ նաեւ ուրիշ դէպք մը. Աթաթուրքի ժամանակ կոմիտէ մը կազմուած էր՝ Հայ եւ յոյն պատրիարքներէ, նաեւ անգլիական գաղտնի ոստիկանութենէ, ուսումնասիրելու համար թէ ի՞նչ կը պատահի Թուրքիոյ մէջ՝ Հայերու եւ Թուրքերու հարցով։ Այս կոմիտէն երկու շաբաթը անգամ մը ժողով կը գումարէր։ Այդ մասին ես Լոնտոնի մէջ գտայ մօտ 60 տարբեր նիստերու արխիւները, ուր յիշատակութիւն կար Հայերու եւ Յոյներու ջարդերու մասին։ Այս բոլորը ամփոփած եմ հատորի մը մէջ, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է, նկատի ունենալով որ բացի Հայերէ, Յոյներն ալ կը հետաքրքրէր։ Նաեւ Հայ դատի հիմնական գործիչներէն փաստաբան Վահան Քարտաշեանի արխիւներն ալ ձեռքս անցան։ Ըսեմ որ վերջինս 1920-ական թուականներուն Թուրքիայէն Ամերիկա հաստատուած է եւ Ամերիկուհիի մը հետ ամուսնացած։ Ան նոյնիսկ հարկ եղած պարագային մեր դատը պաշտպանելու համար նախագահին քով կ՚երթար…, նաեւ հայապաշտպան կոմիտէ մը կազմած էր որուն անդամները - բացի իրմէ - բոլորն ալ ամերիկացի էին։ Վերջապէս այդ բոլոր փաստաթուղթերն ալ հրատարակած եմ։
Ինչպէս գէտէք, ես 17 տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ Հայերու ինչքերու ապահովագրութեան «New York Life AXA» հարցին կապակցութեամբ քանի մը դատեր պաշտպանեցի՝ հետեւելով Ամերիկայի Հրեաներուն դատական ուղեգիծին։ Ինչպէս ծանօթ է, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն հրէական դրամատուները Գերմանիոյ կողմն էին եւ այդ երկրին դրամ կը յատկացնէին, իսկ ատիկա այն պատճառով էր, որ Գերմանիա կը կռուէր Ռուսաստանի դէմ, այս վերջինն ալ Հրեաներու մաքրագործումով զբաղած էր։ Բայց յամենայն դէպս Հրեաները այն օրերուն հայանպաստ կեցուածք չունէին։ Սակայն այս առընչութեամբ արխիւ մը գտայ, որու համաձայն՝ Պաղեստինի Հրեաները Հայերուն կողմն էին։ Այս մասին բոլոր փաստաթուղթերն ալ մէկ այլ գիրքի մը մէջ ամփոփած եմ։ Հոն կը խօսուի հրէական «Միլի» կազմակերպութեան մասին որու անդամները Պաղեստինի մէջ Անգլիացիներու լրտեսներն էին։ Անոնք գրած են թէ՝ «Հայերուն գլխուն եկածը մեզի ալ բաժին կ՚իյնայ…, արդէն իսկ զէնքերը մեր ձեռքէն առին, այր մարդիկը բնաջնջելէ ետք կարգը կիներունն է…»։ Այդ կազմակերպութեան ղեկավարը «Փրօ Արմենիա» անունով ուսումնասիրութիւն մը կատարած է։ Ատոր մասին արխիւ մը գտայ եւ տեսայ, թէ այն ինչ որ Գերմանիոյ հետ կապ ունի վրան գիծ քաշուած է՝ Գերմանացիները չքմեղացնելու մտադրութեամբ։ Ասկէ կարելի է հետեւցնել, թէ Գերմանիան ալ մեղսակից էր Թուրքերուն՝ Հայերը բնաջնջելու ծրագրին կապակցութեամբ։
Տեղեկացնեմ, թէ վէպ շատ կը կարդամ եւ ընթերցումներուս ատեն հանդիպեցայ Հրեայի մը գրած 450 էջնոց ոստիկանական մէկ վէպին։ Իրեն պէս ես ալ ձեռնարկած եմ ոստիկանական վէպ մը գրելու աշխատանքին, ուր քանի մը էջով ալ պիտի անդրադառնամ Հայերու ջարդերուն։
Տեսակցեցաւ՝
Ժիրայր Չոլաքեան