image

Գերմանիա. Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան մասնակցութիւն բերաւ «Խաղաղութեան ուղիներ» խորագիրը կրող համաժողովին (Լուսանկարներ)

Գերմանիա. Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան մասնակցութիւն բերաւ «Խաղաղութեան ուղիներ» խորագիրը կրող համաժողովին (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան, մասնակցութիւնը բերաւ Գերմանիոյ Մունսթէր քաղաքին մէջ կայացած միջազգային «Խաղաղութեան ուղիներ» խորագիրով, միջկրօնական համագումարին:Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ իր աղբիւրէն: Մեր  աղբիւրը նաեւ նշեց, որ սոյն կարեւոր եւ միջազգային նշանակութիւն ունեցող համաժողովի բացման հանդիսաւոր նիստին խօսք առած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել:

 

Նշենք,որ նոյն ժողովին նոյնպէս մասնակցութիւն բերած են Սուրիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Տ. Պետրոս արք. Մըրեաթի եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծն Բրիտանիոյ թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Յովակիմ եպս. Մանուկեան: