image

«Հրանդ Տինք» հիմնարկը մասնակցութիւն բերաւ փոքրամասնութիւններու հարցերով ՄԱԿ-ի ժողովին

«Հրանդ Տինք» հիմնարկը մասնակցութիւն բերաւ փոքրամասնութիւններու հարցերով ՄԱԿ-ի ժողովին

«Հրանդ Տինք» հիմնարկը մասնակցութիւն բերած է Ժընեւի մէջ կայացած փոքրամասնութիւններու հարցերով  ՄԱԿ-ի 17-րդ աշխատաժողովին։ Հիմնադրամի ծրագիրներու տնօրէնուհի Նայեատ Գարաքէօսէ խօսք առած է «Փոքրամասնութիւններու ներկայացումը զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ» խորագրով նիստի ընթացքին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Այս տարի, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի անունով ֆորումին ներկայ գտնուեցաւ հիմնադրամի ծրագիրներու տնօրէնուհի Նայեատ Գարաքէօսէ: Ան խօսելով «Փոքրամասնութիւններու ներկայացումը զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ» խորագրով նիստի ընթացքին, անդրադարձաւ յատկապէս ատելութեան խօսքի մարզին մէջ՝ "Հրանդ Տինք" հիմնարկի աշխատութիւններուն« ներկայացուց ատելութեան խօսքի վերաբերեալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ լուծումներու առնչութեամբ՝ առաջարկները:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Քանի մը օր առաջ, ՄԱԿի հովանիի ներքեւ, Ժընեւի մէջ կայացաւ փոքրամասնութիւններու հարցերով 17րդ աշխատաժողովը: Այս տարուայ առանցքային հարցը փոքրամասնութիւններու խնդիրներն էին հանրային վայրերու մէջ եւ բանավէճերու ընթացքին: Նիստը կը վարէին ցեղային խտրականութիւնը վերացնելու յանձնախումբի նախկին նախագահ Անասթասիա Քրիքլին եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցող Նիքոլաս Լէվրաթ: 

Ֆորումին կը մասնակցէին շուրջ 690 պատուիրակներ, այդ կարգին քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, իրաւապաշտպաններ, գիտնականներ, փորձագէտներ եւ պետական դէմքեր: 

Ֆորումը կայացաւ չորս հիմնական նիստերով. փոքրամասնութիւնները ինչպէ՞ս ներկայացուած են հանրային վայրերու, կրթութեան մարզի, մետիայի ու ընկերային մետիայի եւ ի վերջոյ՝ մշակոյթի ու արուեստի մէջ: 

Իւրաքանչիւր նիստի ընթացքին 3 կամ 4 հիմնական բանախօսներ 7ական վայրկեան տեւողութեամբ ելոյթներ ունեցան, ներկայացնելով իրենց երկիրներու իրավիճակը: 