Գերմանական «Փրէսթիժ Թրավըլ» ամսագիրը իր վերջին թիւին մէջ յօդուած մը նուիրեց Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Գերմանական «Փրէսթիժ Թրավըլ» ամսագիրը իր վերջին թիւին մէջ յօդուած մը նուիրեց Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանին։
Յօդուածագիրը գովեստով կ'արտայայտուի, նշելով որ Երեւանը պարզապէս քաղաք մը չէ, այլ փորձառութիւն մը, որ գրաւիչ է ամէն հիւրի համար։
«Երեւանը Հայաստանի բաբախող սիրտն է», կը գրէ ամսագիրը։
Յօդուածի հեղինակները կը նկարագրեն Երեւանի ու անոր 2800ամեայ պատմութիւնը, ներառեալ Խորհրդային ժամանակաշրջանը, հիացումով կը խօսին Քասքատի ու Ազգային պատկերասրահի մասին, կը յանձնարարեն համտեսել հայկական տոլմա, նաեւ Արարատ գործարանի քոնիակ։