image

Գերիներու հարցը պիտի լուծուի. Լաւրով յայտարարութիւն կատարած է Երեւանի մէջ

Գերիներու հարցը  պիտի  լուծուի. Լաւրով  յայտարարութիւն կատարած է Երեւանի մէջ

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով վստահ է, որ մօտ ապագային պիտի լուծուի Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք բոլոր պահուած անձերու հայրենիք վերադարձնելու հարցը:  Այս մասին Լավրով ըսած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյցին:

«Մենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միւս համանախագահներու հետ միասին կը շարունակենք հանդէս գալ բոլոր մարդասիրական խնդիրներու լուծման տեսանկիւնէն, ներառեալ` պահուած անձերու վերադարձնելու հարցի հանգուցալուծման վերաբերեալ: Կը հասկնանք այս քայլի խորհրդանշական եւ յուզումնային նշանակութիւնը եւ վստահ ենք, որ մօտ ապագային կը կարողանանք այդ հարցը լուծել»,- ըսած է Լաւրով:

ՌԴ Արտաքին Գործոց նախարարը նշած է, որ այդ քայլը կը ստեղծէ դրական եւ կառուցողական մթնոլորտ, հակամարտութեան կարգաւորման այլ հարցերու առաջխաղացման համար: