Արաքչին եւ Լաւրովը հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկած են Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բանակցութիւնները։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որու ընթացքին երկու կողմերը քննարկած են Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին հաղորդած է իր Telegram ալիքով։
Նախարարները միտքեր փոխանակած են շրջանային վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ–Իրան վերջին բանակցութիւններու ընթացքին վերաբերեալ։
Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան եւս հեռաձայնային զրոյց ունեցած են, որու ընթացքին քննարկած են նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները։ Փեզեշքիանը բարձր գնահատած է Իսլամապատի մէջ կայացած իրանա-ամերիկեան բանակցութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ՝ իր սկզբունքային դիրքորոշման համար, ներառեալ միջազգային հարթակներու վրայ, որ ուղղուած է իրավիճակի լիցքաթափման, ինչպէս նաեւ Իրանի ժողովուրդին ցուցաբերած մարդասիրական օգնութեան համար։
Փութինը վերահաստատած է Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորման եւ շարունակելու միջնորդական ջանքերը։