image

Գերիներու հարցով ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանը շփումներ կ՚ունենայ

Գերիներու հարցով ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանը շփումներ կ՚ունենայ

ԱՄՆ-ի մօտ ՀՀ դեսպան՝ Վարուժան Ներսէսեան 12 մարտին հեռախօսազանգ ունեցած է Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ՝ Պայրըն Տոնալթսի հետ, այս մասին յայտնած է ԱՄՆ-ի ՀՀ դեսպանութեան Դիմատետրի էջը:

Հանդիպման ընթացքին դեսպան Ներսէսեան ներկայացուցած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէն սանձնազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական իրադրութիւնը եւ ընդգծած հայ ռազմագերիներու ու պատանդի կարգավիճակին մէջ գտնուող քաղաքացիական անձանց հայրենադարձման խնդիրը։

Զրուցակիցները քննարկած են ԱՄՆ-ի օրէնսդիրներու կողմէ ռազմագերիներու հարցով համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու հնարաւորութիւնները։