image

Գայիանէ Գէորգեան. Հայուհին, որ իր ձեռքերով վերաթաղած է Վանի գերեզմաննոցի աճիւնները

Գայիանէ   Գէորգեան.  Հայուհին, որ  իր   ձեռքերով   վերաթաղած է  Վանի գերեզմաննոցի  աճիւնները

 

«Ես կապ հաստատեցի լրագրողներու ու Վանի բնակիչներուն հետ, եւ խնդրեցի որ եթէ շինարարական աշխատանքները սկսին, ինչպէս քանդել կամ հիմք դնել ինծի լուր տան: Երբ լրագրողը ըսաւ, թէ ինչ նպատակով կը հարցնեմ, ես պարզ ըսի թէ պիտի հաւաքեմ գերեզմանի աճիւնները, քանի որ այստեղ հայկական գերեզմանոց չմնաց:  Ես 4-5 հոգիով կ'երթամ, կը հաւաքեմ ոսկորները ու կը տանիմ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կողքը, ու այնտեղ կը թաղեմ զանոնք, որպէսզի ես ալ հանգիստ զգամ: Իրապէս ատիկա իմ երազանքս է,  եւ ես կը կատարեմ այդ երազանքը, կը նկարեմ ու կ'ուղարկեմ ձեզի: Ի հարկէ իմ կողքին կան շատ մարդիկ, ինչպէս ոստիկան Մենէօլը,  Մուշէն՝ Հիւսէյն Ալճանը, տիկին Մազէզը եւ շատ լրագրողներ: Իմ հարեւանները Պաթմանի հին հայեր են, կան քիւրտեր, որոնք կողքիս են նմանապէս»: 

 

 

Վերջերս Թուրքիոյ հարաւ արեւելեան Վան նահանգի Թուշփա շրջանին կից Քալեճիք թաղամասը գտնուող հայկական պատմական գերեզմանատունը աւերուած է հողի սեփականատէրի կողմէն, որ սկսած է շինարարական աշխատանքներ: Գերեզմանոցի շիրմաքարերը շարժած են, իսկ աճիւնները յայտնուած հողի երես:

«Արեւելք»  կապուեցաւ Գայիանէ Գէորգեանին  հետ, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդի զաւակ է, ան Հայաստանէն Վան փոխադրուած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ հաստատուած այնտեղ:

Գէորգեան այցելած է հայկական աւերուած գերեզմանատունը եւ վերաթաղած մէջտեղ յայտնուած աճիւնները: «Շատ ցաւալի է ինծի համար խօսիլ այս մասին: Ես ականատես եղած եմ պատահածին, գիտեմ հարցը եւ կը հետեւիմ անոր: 6 տարի է այստեղ եմ, այսպիսի դէպք առաջին անգամն է, որ կը տեսնեմ: Միշտ կ'ըսեն մեզի, թէ երանի հայերը չերթային, դրախտ կ'ընէին այստեղ: Անոնք կ'ըսեն վերադարձէք հայեր, ձեզմէ շատ բան ունինք սորվելու եւ նորէն կը սորվինք:  Այս խօսքերը կ'ըսեն, սակայն մեր գերեզմանները կը վերացնեն»:

Գայիանէ Գէորգեան պամեց,- «Վանի Քալէյճիք կոչուած շրջանը 1915-էն առաջ ապրած մարդիկը մեր հայերը եղած են, որոնք Ցեղասպանութեան ատեն գացած են եւ շրջանը դատարկ մնացած է, ի հարկէ այդ հողը պետութեան եղած է: Այս երկու տարուայ ընթացքին այդ հողը վաճառուած է եւ նոր տէրը սկսած է քանդել, որովհետեւ բնակարաններ կ'ուզեն կառուցել այնտեղ, գերեզմաններուն վրայ: Իրենք ալ սկիզբը վախցած են որ գերեզմաններ կը քանդեն, բայց եւ այնպէս շարունակած են աշխատանքները, թրքական իշխանութիւններու որոշումով բնակարաններ պիտի կառուցուին»: Գէորգեան հարց տուաւ «Եթէ իրենց գերեզմանները ըլլային, այսպէ՞ս կ'արձագանգէին: Սիրտէս արիւն կ'երթայ: Նոյնը կ'ընեն նաեւ Ատրպէյճանի հայկական գերեզմաններուն հետ»: 

Գէորգեան յայտնեց, որ բազմաթիւ հայեր կը փնտռեն իրենց պապերու գերեզմանները եւ աւելցուց,- «Իմ հայ ազգին,  իմ հայ հարազատներուն ըսէք , որ ես սարի նման կանգնած եմ այստեղ, ինչքան որ Աստուած ուժ ու համբերութիւն տայ ինծի»:

«Հոլանտայէն կին մը զանգեց ու ըսաւ թէ իր  պապերուն  գիւղը եղած է Արճեշը:  Այդ կնոջ հայրը իր աղջիկէն խնդրած էր, որ գտնէ   մեծ հօր գերեզմանը: Անոնք, որոնք պիտի գային այստեղ օր մը եւ ըսէին «այստեղ էին մեր պապերու շիրիմները», այսօր պիտի գան ու այս տեսարանը տեսնեն», ափսոսաց Գէորգեան:

Գէորգեան շարունակեց պատմել,-«Ես կապ հաստատեցի լրագրողներու ու Վանի բնակիչներուն հետ, եւ խնդրեցի որ եթէ շինարարական աշխատանքները սկսին, ինչպէս քանդել կամ հիմք դնել ինծի լուր տան: Երբ լրագրողը ըսաւ, թէ ինչ նպատակով կը հարցնեմ, ես պարզ ըսի թէ պիտի հաւաքեմ գերեզմանի աճիւնները, քանի որ այստեղ հայկական գերեզմանոց չմնաց:  Ես 4-5 հոգիով կ'երթամ, կը հաւաքեմ ոսկորները ու կը տանիմ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կողքը, ու այնտեղ կը թաղեմ զանոնք, որպէսզի ես ալ հանգիստ զգամ: Իրապէս ատիկա իմ երազանքս է,  եւ ես կը կատարեմ այդ երազանքը, կը նկարեմ ու կ'ուղարկեմ ձեզի: Ի հարկէ իմ կողքին կան շատ մարդիկ, ինչպէս ոստիկան Մենէօլը,  Մուշէն՝ Հիւսէյն Ալճանը, տիկին Մազէզը եւ շատ լրագրողներ: Իմ հարեւանները Պաթմանի հին հայեր են, կան քիւրտեր, որոնք կողքիս են նմանապէս»: 

«Ես այս ոսկորները անպայման պէտք է հաւաքեմ ու տանիմ Աղթամար կղզի թաղեմ»,- եզրափակեց Գայիանէ Գէորգեան: