Երեւան-Գիւմրի ճանապարհին՝ Լանջիկ գիւղի մօտակայքը, 14 օգոստոսին ողբերգական վթարի հետեւանքով զոհուած արցախցի Հելէն Դադայեանի աճիւնը Արցախ տեղափոխելու հարցով Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի նախագահ Սիրանուշ Սահակեանը դիմում ուղարկած է Եւրոպական դատարան: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Սահակեանը, նշելով, որ դիմումն ուղարկուած է 6 սեպտեմբերի երեկոյեան:
«7 աշխատանքային օրերի ընթացքում Եւրոպական դատարանը կը հրապարակի որոշումը: Հիմա սպասման մէջ ենք»,- նշած է Սահակեանը:
Յիշեցնենք, որ 14 օգոստոսի գիշերը, Երեւան-Գիւմրի ճանապարհին՝ Լանջիկ գիւղի մօտակայքը, բախած են «Volkswagen» մակնիշի ուղեւորափոխադրողը եւ «ZIL» մակնիշի բեռնատարը։ Զոհուած է 12 քաղաքացի, այդ շարքին՝ հանրակառքի վարորդը եւ «Համշէն թուրի» զբօսավարը, ծանր վիրաւորուած է 6-ը։
Ողբերգական վթարի ուղեւորները կը վերադառնային Արեւմտեան Հայաստան ուղեւորութենէն։