image
Հրատապ լուրեր:

Գանատահայ Քլարա Ակոբեան Երուսաղէմի Ս. Յովհաննէս Գերիշխան Ուխտի Տիկինի կոչում ստացած Է

Գանատահայ Քլարա Ակոբեան Երուսաղէմի Ս. Յովհաննէս Գերիշխան Ուխտի Տիկինի կոչում ստացած Է

Տիկ. Քլարա Ակոբեան Երուսաղէմի Ս. Յովհաննէս Գերիշխան Ուխտի Տիկինի կոչում ստացած է։ Երուսաղէմի Ս. Յովհաննէս Գերիշխան Ուխտ-Հիւրընկալ Ասպետները միջեկեղեցական‚ քրիստոնէական ուխտ մըն է‚ որ ուղղակի շարունակութիւնն է 11-րդ դարու Ս. Յովհաննէս ուխտին։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթը։

Խաչակիրներու արշաւներէն առաջ Երուսաղէմ այցելող ուխտաւորներուն հանգչելու վայր տրամադրելու համար հաստատուած էր իջեւան մը։ Խաչակիրներու առաջին արշաւանքի ընթացքին այդ իջեւանը վերածուած է հիւանդանոցի մը‚ որ կը ծառայէր բոլորին եւ ոչ միայն ուխտաւորներուն եւ ասպետներուն։ Այսօր, քրիստոնէական Գերիշխան ուխտը‚ իր մասնաճիւղերուն ճամբով կը գործէ իբրեւ գրանցուած բարեսիրական կազմակերպութիւն։ Վանքուվըրի մասնաճիւղը Պրիթիշ Քոլոմպիայի մէջ կ’աջակցի ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներու դարմանումներուն ուղղուած աշխատանքներուն։

Գերիշխան ուխտին անդամակցութեան կը հրաւիրուին այն անձերը‚ որոնք ծանօթ են իրենց ձեռքբերումներով‚ համայնքային ծառայութեամբ‚ ինչպէս նաեւ Ուխտին նպատակներուն նպաստելու իրենց ցանկութեամբ։

Ուխտի հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Քլարան նկատառելի աջակցութիւն ցուցաբերող մը եղած է կրթութեան‚ ընկերային ծառայութեան‚ արուեստներու եւ գաղթականներու օժանդակող ոչ շահաբեր կազմակերպութիւններու՝ տրամադրելով իր ժամանակն ու դրամահաւաք կատարելու կարողութիւնը։ Ան ներկայիս անդամ է Արեւմտեան Վանքուվըրի ոստիկանութեան վարչութեան եւ նուիրեալ կամաւոր մը Հայկական օգնութեան խաչին մէջ։

Քլարա Ալպերթա Ակոբեանը գործօն անդամ է Գանատայի հայ համայնքին‚ որ կը ղեկավարէ Վանքուվըրի շրջանին մէջ աւելի քան 30 սուրիացի քրիստոնեայ գաղթական ընտանիքներու հիւրընկալման ու հաստատման տեղական ծրագիր մը։ Կը նշուի նաեւ, որ Քլարա եւ անոր ամուսին՝ Սթիւ Ակոբեանը կը ղեկավարեն «Լուկարօ» ոսկերչատունը‚ որ մրցանակի տիրացած ոսկերչական ընկերութիւն մըն է։ Քլարայի ղեկավարութեամբ՝ «Լուկարօ»-ն աջակցած է բազմաթիւ կրթական‚ առողջապահական եւ ընկերային բարեսիրական կազմակերպութիւններու‚ ներառեալ North Shore Family Services-ին‚ Lions Gate Hospital Foundation-ին եւ BC Children’s Hospital-ին։