image
Հրատապ լուրեր:

Գանատահայ բարերարուհիի աջակցութիւնը Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն

 Գանատահայ  բարերարուհիի  աջակցութիւնը   Կիրակնօրեայ  Վարժարաններուն

Սփիւռքահայ իրականութեան  մէջ  միշտ ալ կարեւոր տեղ   յատկացուած է   Հայոց Եկեղեցիին։  Մեր երեք դաւանանքներն ալ  գործած են   ժամացոյցի անշեղութեամբ   լրացնելով    աշխարհասփիւռ   հայ հասարկութեան հոգեւոր  կարիքները։ Իր կարգի եկեղեցին ալ հաւասարազօր կերպով արժէքաւորած է   նորահաս սերունդներուն  հիմնահարցը մեծ ճիգեր գործադրելով, որպէսզի նոր հասնող  մատշաղ  սերունդները անշեղ մնան  իրենց հաւատքին մէջ, ու տարբեր  գործօններու օգնութեամբ կապուին Հայոց   աւանդութիւններուն, քրիստոնէական  անբասիր հաւատքին  եւ մեր դարաւոր եկեղեցւոյ  աւիշին  ու աւանդին։

 Այս առումով   հարկ է բարձր գնահատել  Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ  շուքին տակ գործող Կիրակնօրեայ   վարժարաններու   հիմնարար  դերը, որ հակառակ ջլատիչ   պայմաններու   ցայսօր ալ կը շարունակեն  իրենց   երթը, դառնալով հարազատ մէկ օճախը    հաւատաւոր սերունդներուն։

 

 Նոյն առումով ու հաշուի առնելով  այսօրուան  պայմանները  Կիրակնօրեայ  վարժարանները եւս կարիք ունին  վերանորոգման   ու նաեւ ոգեղէն ամրութեան կողքին ունենալու այսօրուան  պայմաններուն համահունչ գործունէութեան   իրական  ոճ մը։ 

 Ու համալրելու համար այսօրուան  պայմանները Գանատայի Հայց. Առաքելական Թեմը գլխաւորութեամբ   Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ.  Տ.  Բաբգէն եպս.  Չարեանի   հանդէս եկած են  նոր  նախաձեռնութեամբ մը, որուն հիմնական նպատակն է    պատրաստել Կիրակնօրեայ   վարժարաններու համար նախատեսուած  դասագիրքերու շարք մը,  որուն համար ալ  Մոնթրէալի     բարերարներէն՝  Տիկին Շաքէն Կէօքճեան  իշխանական նուիրատւութիւն մը կատարած է ու  ճամբայ հանած   Թեմակալ Առաջնորդի, ու Թեմական    պատկան մարմիններու հին-նոր երազը։

 

 Ստորեւ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն հետ կը բաժնէ Տիկին Կէօքճեանի նուիարտւութեան մասին   հակիրճ  լրատւութիւնը, որ օրերս հրապարակուեցաւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդարանին   կողմէ։

 

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը սրտի անհուն ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ Մոնթրէալաբնակ Ազգային Բարերար Տիկին Շաքէ Կէօնճեան $30,000 կը նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանիս, Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու նոր դասագիրքերու պատրաստութեան ծրագրին համար։

Ծրագիրը նկատի ունի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու 6-7, 8-9 եւ 10-11 տարեկան աշակերտներուն համար կրօնական, եկեղեցական եւ բարոյագիտական բովանդակութեամբ դասագիրքեր պատրաստել, որ պիտի օգտագործուի Թեմիս բոլոր Կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ՝ նախատեսուած բոլոր տարիքի աշակերտներուն: Ծրագիրը կ'ընդգրկէ աշակերտական դասագիրք, ուսուցչի ուղղեցոյց եւ խաղի ու վարժութիւններու տետրակ։ 

Նոր սերունդի հոգեւոր դաստիարկութեան նպաստող այս կարեւոր առաքելութիւնը կը ձգտի օժանդակութեան ձեռք մեկնել Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն, որպէսզի Աստուածաշունչն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը սիրելի ու հաճելի դարձնէ աշակերտներուն, որովհետեւ, Աստուածաշունչն է հիմքը մեր հաւատքին ու քրիստոնէավայել վարքին։

Առաջին խումբի դասագիրքերն ու ուղղեցոյցերը նկատի առնուած են ի գործ դրուիլ՝ 2022-2023 դպրոցական տարեշրջանին սկզբնաւորութեան։ Դասագիրքը բաղկացած պիտի ըլլայ 20 դասերէ, որոնց կորիզը պիտի ըլլայ Աստուածաշունչ մատեանէն քաղուած նիւթեր՝ բոլորն ալ պարզ, հասկնալի ու համապարփակ պատմութիւններով համակուած։ Իւրաքանչիւր նիւթ ներկայացուած պիտի ըլլայ չորս նկարազարդուած էջերու մէջ։

Այս առիթով, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքին մէջ գնահատեց Տիկին Կէօնճեանը, իր առատաձեռն նուիրաբերումին ու թանկագին աջակցութեան համար՝ ի խնդիր մեր գաղութի ու ընդհանրապէս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու յառաջդիմութեան ու բարգաւաճման։ Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կը շեշտէր՝ «Նուիրաբերումը առաքինութիւն է, երբ մանաւանդ մեր սրտէն, հոգիէն, ժամանակէն եւ կամ նիւթականէն կու տանք։ Նուիրաբերումը յատուկ արժէք ունի, մանաւանդ երբ պիտի ծառայէ վեհ նպատակի մը, այս պարագային՝ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու, սերունդներու նկարագրի կերտման եւ ի մասնաւորի հաւատքի արթնութեան նպաստող։ Կը գնահատենք Ազգային Բարերար Տիկին Շաքէ Կէօնճեանը, իր առատաձեռն նուիրատուութեանց համար, որ կը կատարէ՝ եկեղեցւոյ, համայնքին, դպրոցին, հայ կեդրոնին եւ Ազգային Առաջնորդարանիս։ Աստուած օրհնէ իր ընտանիքը եւ իրեն ու իր հարազատներուն առողջ եւ արեւշատ կեանք պարգեւէ»։