Ֆրանսական Philaposte-ը չորս նամականիշերէ բաղկացած ժողովածու հրատարակած է՝ նուիրուած Դիմադրութեան հերոս Միսաք Մանուշեանին եւ հանրայայտ երգիչ Շառլ Ազնաւուրին։
Նամականիշերը երեքշաբթի օր յանձնուած են Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանի, Սենատի փոխնախագահ Փիեռ Ուզուլիասի եւ Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարարութեան մայրցամաքային Եւրոպայի տնօրէն Պրիս Ռոքֆէի, Շառլ Ազնաւուրի որդի՝ Միշա Ազնաւուրի եւ Միսաք Մանուշեանի զարմուհի Քաթիա Կիրակոսեանի ներկայութեամբ։