Ֆրանսայի ազգային ժողովը այսօր ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Արմէնբրէս»ը, որ նաեւ հաղորդեց, որ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի անդամ Վալէրի Պուայէի ներկայացուցած օրէինագիծին 38 խորհրդարանականներէն 26-ը կողմ քուէարկած են մինչ 12 ուրիշներ մնացած են ձեռնպահ: