image

Ֆրանսա. «Քորոնա» վարակի նոր ալիք նոյեմբերի՞ն

Ֆրանսա. «Քորոնա» վարակի նոր ալիք  նոյեմբերի՞ն

Ֆրանսայի իշխանութիւնները մտավախութիւն ունին, որ նոյեմբերին երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիք կը սկսի, կը հաղորդէ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը։

 Ֆրանսայի որոշ հատուածներու մէջ արդէն «Քորոնա» ժահրի նոր բռնկումներ եղած են։ Մարսէյլի մէջ քարանթինային միջոցառումները խստացուած են, նաեւ կրճատուած են պարերու եւ ճաշարաններու աշխատանքային ժամերը։ 26-30 Օգոստոսին, քաղաքի բնակիչները պարտաւոր են դիմակ կրելու։

 

The Guardian պարբերականը կը հաղորդէ, որ վերջին 24 ժամուայ ընթացքին, Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի 5429 նոր դէպք, ինչ որ լուրջ մտահոգութիւն կ'առաջացնէ, քանի որ յաջորդ շաբաթ կը սկսի նոր ուսումնական տարին։