Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ դաշնակիցներու հետ կ'ուսումնասիրեն այն հարցը, թէ եկած է արդեօք ժամանակը, որ Լիբանանի մէջ սահմանադրական փակուղիէն դուրս գալու ջանքերը ձախողցնողները, բախին հետեւանքներու, հաղորդած է Reuters-ը:
Լիբանանի մէջ հոկտեմբերի վերջը նախկին նախագահ Միշել Աունի պաշտօնավարման աւարտէն ետք պետութեան ղեկավար չկայ, որն ալ խորացուցած է համակարգային կաթուածը երկրին մէջ, ուր կը շարունակուի աշխարհի ամենածանր տնտեսական ճգնաժամերէն մէկը։
Օտարերկրեայ պետութիւնները պատմականօրէն դեր խաղցած են նախագահութեան ճակատագրի որոշման մէջ՝ այնպիսի երկրի մէջ, որ հարթակ է միջազգային մրցակցութեան համար, նշած է լրատուամիջոցը։
Անցեալ ամիս Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Քաթարի ներկայացուցիչները հանդիպած են Փարիզի մէջ, քննարկելու, թէ ինչպէս դուրս գալ քաղաքական փակուղիէն Լիբանանի մէջ, սակայն հանդիպումը չէ յանգեցուցած նախագահի որեւէ թեկնածուի յստակ աջակցութեան։
Բանակցութիւններու մասին տեղեակ երկու դիւանագէտներ յայտնած են, որ Փարիզը բարձրացուցած է լիբանանեան առաջնորդներու նկատմամբ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու կիրառման հարցը, թէեւ զգուշացուած է, որ այդ գաղափարը օրակարգին մէջ առաջնային չէ:
«Մենք կոչ կ'ընենք լիբանանեան իշխանութիւններուն, լիբանանցի առաջնորդներուն, բոլոր քաղաքական առաջնորդներուն դուրս գալու սահմանադրական այս փակուղիէն,- ամենօրեայ ճեպազրոյցին լրագրողներուն ըսած է Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Անն-Քլեր Լեժանտրը,- Մենք ընդգծած ենք, որ անոնք, որոնք կ'արգելափակեն հարցի լուծման ջանքերը, կրնան ենթարկուիլ հետեւանքներու»:
Եւրոպական միութիւնը 2021 թուականին ընդունած է լիբանանցի ֆիզիքական անձանց եւ կազմակերպութիւններու դէմ պատժամիջոցներու ռեժիմի համար իրաւական տուեալները՝ փորձելով ճնշում գործադրել լիբանանցիներու վրայ, բայց չէ օգտուած անկէ, եւ քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամը խորացած է։
Հարցին, թէ այժմ Փարիզը պատրա՞ստ է կիրառելու այդ միջոցը, Լեժանտրը պատասխանած է, որ խորհրդակցութիւններ կ'ընթանան գործընկերներու հետ։
«Մենք այժմ կ'ուսումնասիրենք իրավիճակը»,- ըսած է ան: