image

Նիւթապէս շահագրգռած են՝ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի հաւաքին մասնակցելու նպատակով․ ՔԿ

Նիւթապէս շահագրգռած են՝ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի հաւաքին մասնակցելու նպատակով․ ՔԿ

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի հաւաքին մասնակցելու նպատակով խումբ մը անձանց նիւթապէս շահագրգռելու համար ընտանիքի անդամներէն 4-ի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում։ Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն։

Քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին առերեւոյթ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ Ա.Խ.-ն, Մ.Խ.-ն, Ն.Խ.-ն եւ Կ.Խ.-ն «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի կողմէ 2026-ի ապրիլ 11-ին կազմակերպուած հաւաքին հնարաւորինս մեծ թիւով անձանց մասնակցութիւնն ապահովելու շարժառիթով, հաւաքին մասնակցելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռած են խումբ մը անձանց, այդ շարքին՝ անչափահասներու, խոստանալով հաւաքին մասնակցելէ ետք մասնակցութեան համար իւրաքանչիւրին տալ 10.000-ական դրամ:

Այնուհետեւ, ապրիլ 11-ին Ա.Խ.-ի կողմէ վարձակալած, թաքսի ծառայութիւն մատուցող մեքենայով ընտանիքի անդամները Շիրակի մարզի Արթիկ համայնքի Փոքր Մանթաշ բնակավայրէն կազմակերպած են խումբ մը անձանց տեղափոխումը Երեւան, ուր «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքին մասնակցելէ ետք անոնք վերադարձած են Փոքր Մանթաշ եւ ստացած հաւաքին մասնակցելու համար նախապէս խոստացուած 10.000-ական դրամ գումարները:

Ա.Խ.-ի, Մ.Խ.-ի, Ն.Խ.-ի եւ Կ.Խ.-ի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 236-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (հաւաքին մասնակցելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռելը):

Ա.Խ.-ի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է տնային կալանքը եւ բացակայելու արգելքը, Մ.Խ.-ի եւ Ն.Խ.-ի նկատմամբ՝ վարչական հսկողութիւնը եւ բացակայելու արգելքը, իսկ անչափահաս Կ.Խ.-ի նկատմամբ՝ դաստիարակչական հսկողութիւնը:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: