Այս տարուան ութ ամսուան ընթացքին Եւրոպական Միութեան մէջ ռուսական կազի հիմնական գնորդներ դարձած են Ֆրանսան եւ Հունգարիան։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթի` յղում ընելով Եւրոպական Վիճակագրական Վարչութեան (Եւրոսթաթ) տուեալներու հաշուարկներուն։
Յունուար–օգոստոս ժամանակահատուածին Փարիզ գնումներն աւելացուցած է 30%-ով (մինչեւ 1,9 միլիառ եւրօ), իսկ Պուտափեշտը`1,6 միլիառ եւրոյի չափով` գրեթէ երեք անգամ նուազեցնելով ներմուծումը։
Երրորդ հորիզոնականին վրայ Սպանիան է, որ ռուսական կազի համար 1,4 միլիառ եւրօ ծախսած է ։
Խոշոր գնորդներու շարքին են նաեւ Իտալիան (1,3 միլիառ եւրօ), Յունաստանը (919 միլիոն եւրօ), Սլովաքիան (800 միլիոն եւրօ) եւ Պելճիքան (709 միլիոն եւրօ):
Ընդ որում` ներմուծումն ամենաշատն ընդլայնած են Լիթուանիա (յաւելեալ 41 տոկոս) եւ Ֆինլանտան (յաւելեալ 36 տոկոս), թէեւ գնած են շատ փոքր ծաւալներ՝ համապատասխանաբար 1,8 եւ 44,3 միլիոն տոլարի։
Նշուած է, որ Ռուսիա 2024 թուականին ընդհանուր առմամբ 9 միլիառ եւրոյի կազ մատակարարած է ԵՄ-ին։
Մոսկուան բազմիցս ընդգծած է, որ Արեւմուտքը լուրջ սխալ թոյլ տուաւ, երբ հրաժարեցաւ ռուսական ածխաջրածիններէն եւ ինկաւ նոր կախուածութեան մէջ. այժմ այդ երկիրները ստիպուած են ռուսական նաւթն ու կազը գնել միջնորդներու միջոցով եւ աւելի բարձր գիներով։