image

Ֆրանս-ազրպէյճանական միութիւնը դժգոհած է սփիւռքահայերու աշխոյժ քարոզչութենէն

Ֆրանս-ազրպէյճանական միութիւնը դժգոհած է սփիւռքահայերու աշխոյժ քարոզչութենէն

Ֆրանսիացի պատգամաւոր, ֆրանս-ազրպէյճանական բարեկամութեան միութեան նախագահ Ժան-Ֆրանսուա Մանսէլը դժգոհած է, որ սփիւռքահայերու աշխոյժ քարոզչութեան պատճառով  իրենց գործունէութիւնը կը դժուարանայ:

Թրքական իշխանամէտ «Yeni Akit» թերթի կայքի տեղեկացմամբ՝  Մանսէլ այս մասին խօսած է Փարիզի մէջ 1998-ի հիմնուած «Ֆրանս-ազրպէյճանական բարեկամութեան միութեան» տարեկան քոնկրէսի ժամանակ:

Ան նշած է, որ Ֆրասայի շարք մը շրջաններուն մէջ հայկական լոպպին կը խոչընդոտէ Ազրպէյճանին նուիրուած միջոցառումներու կազմակերպման եւ ազրպէյճանական մշակոյթի տարածման ուղղուած իրենց ջանքերը:

Պատգամաւորը դժգոհած է նաեւ, որ այն վայրերուն մէջ, ուր յատկապէս մեծ թիւով հայեր կը բնակին, այդ շարքին՝ նաեւ Ֆրանսայի հայաշատ շրջաններուն մէջ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները տարօրինակ կը համարեն այն, որ ան կը ղեկավարէ Ազրպէյճանի հետ բարեկամութեան միութիւնը:

Ըստ Մանսէլի, այս մէկը կը բացատրուի այն բանով, որ ՏԻՄ մարմինները կ'ընտրուին հանրութեան կողմէ, իսկ տուեալ տարածքին մեծ թիւ կազմող հայերը, իրենց քուէները օգտագործելով, կը ճնշում կը գործադրեն այդ ընտրուած պաշտօնեաներուն վրայ: