image

Եւրոպական միութիւնը՝ Ատրպէյճանին. «Վերաբանալ Լաչինի միջանցքը»

Եւրոպական միութիւնը՝ Ատրպէյճանին. «Վերաբանալ Լաչինի միջանցքը»

Եւրոպական միութիւնը նախկինին պէս մտահոգուած է, որ Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութեան շարունակական խախտումներն ազդեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդու իրաւունքներու, այդ շարքին ՝ առողջապահութեան, կրթութեան եւ սնունդ ստանալու իրաւունքներու վրայ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ԵՄ պաշտօնական կայքէջը։

«ԵՄ կոչ կ'ընէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ բոլոր պատասխանատուներուն երաշխաւորելու միջանցքով տեղաշարժելու ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ համաձայն 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան եւ պահպանելու միջազգային դատարանի 2023 թուականի 22 փետրուարի որոշումը։ ԵՄ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ'ընէ շարունակելու մասնակցիլ երկխօսութեան, այդ շարքին՝ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով։ Մենք անհամբեր կը սպասենք Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի աջակցութեամբ խաղաղ գործընթացի շարունակութիւնը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։