Հորատիզ- Մեխակաւան (Ճապրայիլ)- Կովսական (Զանգիլան)-Աղբենդ («Զանգեզուրի միջանցք») ճանապարհի շինարարութիւնն աւարտած է 95%-ով։ Այս մասին յայտնած է ատրպէյճանական «ԱՊԱ» գործակալութիւնը:
«ԱՊԱ»-ի պնդմամբ՝ 149 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութիւն ունեցող ճանապարհի 123 քիլոմեթրն արդէն իսկ կառուցուած է։
Նշուած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը կ՚իրականացուի ժամանակակից չափանիշերուն եւ բարձր որակի պահանջներուն համապատասխան։